Թունուզի մէջ 23-27 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Պետմինթընի արաբական 3-րդ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Լիբանանի կազմը, բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով յաջողեցաւ գրաւել երրորդ դիրքը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ալճերիա, Մարոք, Պահրէյն, Սուտան, Թունուզ եւ Լիբանան:
Լիբանան հասաւ կիսաւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ Մարոքէն (2-1):