Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան կ՛ուզէ վերադառնալ իր նախկին ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ, որուն հետ հանդէս եկած է 2013-2016 տարիներուն, կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» մարզական օրաթերթը:
Սակայն այս գծով յայտարարութիւն մը կատարելով, Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Հանս-Եոաքիմ Վացքէ ըսաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին վերադարձը գրեթէ անհաւանական է:
Անգլիական մամուլին համաձայն, Մխիթարեանով հետաքրքրուած են տասը ակումբներ, որոնցմէ չորսը անգլիական են:
Յամենայն դէպս կը կարծուի, որ ձմեռնային այս արձակուրդին ընթացքին, երբ մարզիկներու փոխանցումները վերսկսին, յստականայ Մխիթարեանի ճակատագիրը: