Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, ուրբաթ, 5 յունուար 2018-ին յետմիջօրէին ժամը 17:30-ին, «Միշել Մըր»-ի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը:
Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ այս պաշտօնական հանդիսութեան պիտի յաջորդէ տարեշրջանի բացման մրցումը` Շեպիպեթ Պաուշրիէի եւ Ռիատի Հըպուպի միջեւ:
Նշենք, որ բացման հանդիսութիւնն ու մրցումը, ուղղակիօրէն պիտի սփռուին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն: