Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգելով տիրացաւ Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Ժոլիմարք» միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով` ան առանձինը գրաւեց առաջին դիրքը եւ հանդիսացաւ տիտղոսակիր, երէկ յայտնեցին հայկական լրատուամիջոցները:
16 երկիրներու 97 ճատրակ խաղացողներուն կարգին եղան 3 կրանտմասթըրներ, 2 միջազգային վարպետներ եւ ՖԻՏԷ-ի 7 վարպետներ: