Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պատրաստութիւնները արդէն իսկ սկսած են 3-4 փետրուար 2018-ին տեղի ունենալիք Լիբանան-Թայփէ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիա-Ովկիանիա Բ. խմբակին մէջ կատարուելիք մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Թաատոտի (Պէյրութ) ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ:
Այս մրցումին յաղթականը իր դէմ պիտի ունենայ Իրան-Հոնկ Քոնկ մրցումին յաղթականը:
Լիբանանի կազմը, հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Նասրի Աշքարի, շաբաթը կը կատարէ հինգ փորձեր` լաւապէս պատրաստուելու համար այս մրցումին:
Ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ Տըպպայէի մէջ գտնուող ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ երէկ գլխաւորեց անոր ժողովը:
Մօտիկ ապագային այս հարցին գծով ֆետերասիոնը պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը: