Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած Անթունիէ – Շանվիլ մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Շանվիլի յաղթանակով` 79-69 արդիւնքով (18-25, 14-17, 19-20 եւ 18-17):

PROFOTO
Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճասթին Հոքինզ` 29 կէտ, 11 ռիպաունտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ): Անոր խմբակիցներ Ռոպերթ Ապշօ եւ Էլի Ռըսթոմ տապըլ-տապըլ իրագործեցին, մինչ Ֆետի Խաթիպ դաշտ չներկայացաւ:
Իսկ Անթունիէէն 23 կէտ նշանակեց Ռաշէյմ Ռայըթ, մինչ Փաթրիք Պու Ապպուտ` 16 կէտ: