Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Թոթենհամ 5-2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սաութհեմփթընը (20-րդ հանգրուան):
Անկախ արձանագրուած այս արդիւնքէն, անիկա անմոռանալի եւ պատմական օր մը եղաւ Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյնի համար, որ չորս օրուան ընթացքին իր երկրորդ հեթրիքը իրագործեց:
Իր նշանակած այդ կոլերուն շնորհիւ, ան կոտրեց «Փրեմիեր լիկ»-ի 22 տարուան մրցանիշը` գերազանցելով Էլըն Շիրըրի հաստատած մրցանիշը, որ տարուան մը ընթացքին նշանակած էր 36 կոլ: Քէյն իր այդ երկրորդ հեթրիքին շնորհիւ 39-ի բարձրացուց իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր գումարը:
Բացի ատկէ, ան կոլով մը յաջողեցաւ գերազանցել Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին, որ այս տարի նշանակեց 54 կոլ: