Գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտ Լի Փրայս կը յայտնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ Թոթենհամ եւ Արսենալ:
Կը նշուի, որ Մխիթարեան կ՛ուզէ մնալ Անգլիոյ մէջ եւ ելոյթ ունենալ «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ` մերժելով այլ առաջարկներ, որոնց կարգին են գերմանականը եւ իտալականը:
28 տարեկան Մխիթարեանով մօտէն հետաքրքրուած կը թուին ըլլալ Եուվենթուս, ինչպէս նաեւ անոր նախկին ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ:



