Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան, իր կողքին ունենալով մարզիկներ Յարութիւն Մերդինեանն ու Արթուր Թովմասեանը, ամփոփեց 2017 տարին:
Ան ըսաւ, որ 2017 տարին կարելի է բաւական յաջող նկատել` նկատի ունենալով, որ հայ մարզիկները տիրացան 7 մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ):
Անդրադառնալով 2018 տարեշրջանին` Սերոբեան ըսաւ.
«Նկատի ունենալով, որ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին նոր նախագահը ազրպէյճանցի է, Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն չենք կրնար մասնակցիլ: Իսկ աշխարհի բաժակի մրցաշարքերուն երկու հանգրուանները, որոնք նաեւ ողիմպիականի վարկանիշներ կու տան, դարձեալ պիտի կատարուին Պաքուի մէջ: Հետեւաբար, այս իրողութենէն մեկնելով, լաւագոյն տարբերակը Պաքու չմեկնիլն է», ըսաւ Յակոբ Սերոբեան: