Իտալական «Ռայ Սփոր» պատկերասփիւռի կայանը, Եուվենթուսի եւ Թորինոյի միջեւ Թորինոյի տերպին, որ կ՛իյնայ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ, պիտի ցուցադրէ առանց մեկնաբանութեան, յայտնեցին իտալական շարք մը լրատու գործակալութիւններ:
Կայանը այս որոշումին յանգեցաւ, որովհետեւ ալիքին մեկնաբանները եւ լրագրողները գործադուլի սկսան:
Պատճա՞ռը: Որովհետեւ «Ռայ Սփոր»-ը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրաւունք չստացաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն աւարտական հանգրուանը պատկերասփռելու:
Իտալիոյ մէջ, 2018-ի մոնտիալի մրցումները պիտի պատկերասփռուին «Մետիասեթ» կայանէն:
Թորինոյի վերոնշեալ տերպին տեղի պիտի ունենայ 3 յունուար 2018-ին: