Վերջերս Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի ունեցաւ «Եու. Սի. Մաս.»-ի (ուղեղային արագ հաշիւներու) միջազգային 2017-ի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 72 երկիրներէ եկած երկսեռ աշակերտներ:
Լիբանան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 30 երկսեռ աշակերտներով, գերազանցելով այլ երկիրներ եւ սքանչելի ու տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով, խլեց առիւծի բաժինը` տիրանալով առաջնութեան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան:
