Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անթունիէն, արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը` 80-70 արդիւնքով (25-11, 21-13, 23-24 եւ 11-22):

PROFOTO
Պէյրութէն Պասել Պաուժի, բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով, շատ մօտ էր թրիփըլ տապըլ մը իրագործելու (21 կէտ, 13 ռիպաունտ, 9 էսիսթ): Քէանօ Փոսթ իր կարգին տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (16 կէտ, 11 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակիցներ Քրիս Քրոֆորտ եւ Ժահմար Եանկ նշանակեցին 16-ական կէտ:
Անթունիէէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռաշէյմ Ռայթ (24):
Այսօր եւ վաղը որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ: