Լիբանանցի իրաւարար Մահեր Ալի, որ ընդհանրապէս ճանչցուած է իր լաւ սուլիչով, ֆութպոլի միջազգային իրաւարարի կոչում ստացաւ:
Ան այսպիսով կը դառնայ լիբանանցի հինգերորդ կեդրոնի իրաւարարը, որ միջազգային կոչում կը ստանայ: Կան նաեւ կողմի ութ միջազգային իրաւարարներ:
Նախորդ տարեշրջանին ան Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով սուլեց վեց որոշում, ինչպէս նաեւ` բաժակի մրցաշարքին գծով մրցումի մը:
Ան վերջին 13 տարեշրջաններուն միշտ ալ տեսնուած է Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին:
Այս տարեշրջանին անոր սուլած մրցումներէն եղած են հետեւեալները.
Ահտ – Ռասինկ, Ահտ – Մապարրա (բաժակ), Անսար – Իսլահ Պըրժ Շիմալի, Սաֆա – Իսլահ Պըրժ Շիմալի եւ Նեպի Շիթ – Թատամոն Սուր: