Շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք Սաժես – Մութթահետ եւ Ռիատի – Շանվիլ մրցումներուն ընթացքին տեղի ունեցած հարցերը, որոշեց կախակայել Սաժեսը եւ Ռիատին, որոնց համակիրները ունեցան ոչ մարզավայել կեցուածքներ եւ անբարոյական արտայայտութիւններ:
Թէեւ իրենց դաշտերուն վրայ անոնց կատարելիք յաջորդ մրցումը պիտի չըլլայ դռնփակ, սակայն իւրաքանչիւր համակիր փոխանակ եօթը հազար լիբանանեան ոսկի վճարելու, պիտի վճարէ տասնչորս հազար լիբանանեան ոսկի: Այդ եօթը հազար լիբանանեան ոսկիի տարբերութիւնը ուղղակի ֆետերասիոնին սնտուկին պիտի երթայ:
Ֆետերասիոնը քննարկեց նաեւ 18-27 յունուարին տեղի ունենալիք Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին հարցը` յայտարարելով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանեան երեք խումբեր` ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես:
Ֆետերասիոնը պաշտօնազրկեց Լիբանանի իրաւարարներու յանձնախումբի անդամ, միջազգային իրաւարար Սուհէյլ Քասսապը եւ այդ պաշտօնը յանձնեց յոյն միջազգային մասնագէտ Սթալիոս Քոքոլաքիտիսին, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Ա. դասակարգի մրցումներուն հսկել եւ անոնց իրաւարարները նշանակել: Ան այլ դասակարգերու գծով եւս նոյն պարտականութիւնը պիտի կատարէ:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Աքրամ Հալապի նշանակուեցաւ ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ` փոխարինելով Եասեր Հաժը, որ ընտանեկան պատճառներով չուզեց շարունակել իր պաշտօնը:
Իսկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Մարուն Ժըպրայել վերոնշեալ յանձնախումբին մէջ նշանակուեցաւ թեքնիք պատասխանատու:
Ֆետերասիոնին այս նիստէն բացակայեցան Թամմամ Ժարուտի, Փաթրիք Լահուտ (որոնք հրաժարած են), փոխնախագահ Տումեթ Քալլապ, Եասեր Հաժ եւ Թոնի Խալիլ: