«Եահու-սփորթց» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ առաջարկներ ստացած է Միացեալ Նահանգներէն եւ Չինաստանէն` առանց սակայն նշելու առաջարկը ներկայացնող կազմերուն անունները:
Այդ երկիրներու ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը կը սկսի յառաջիկայ մարտին:
Անգլիական ակումբին հետ 36 տարեկան Իպրահիմովիչի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ան վերջերս փափաք յայտնած էր Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ մասնակցելու Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին:
2017-ին ծունկի վնասուածքի պատճառով շուրջ 6 ամիս ֆութպոլի դաշտերէն բացակայած Իպրահիմովիչ այժմ դարձեալ վիրաւոր է: