Ուքրանական Սթալ ֆութպոլի ակումբը ձմեռնաիյն եւ տօնական իր արձակուրդէն ետք վերսկսած է իր փորձերուն, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը:
2018 տարուան առաջին փորձերուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներ Էտկար եւ Գոռ Մալաքեան եղբայրները:
Դեկտեմբեր 2017-ին հայ ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնները աւարտեցան, սակայն անոնք կը շարունակեն մնալ Սթալի հետ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ շաբաթ, 13 յունուարին, Սթալ կը մեկնի Թուրքիա, ուր կը կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը: