Նախորդ շաբաթավերջին Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:

Անոր ներկայ էին նաեւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, մարզական պատասխանատուներ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա եւ այլ անդամներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Պաշտօնական բացման այս հանդիսութեան յաջորդեց Պաուշրիէ – Հըպուպ մրցումը, որ աւարտեցաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, ի նպաստ Պաուշրիէի` 3-2 արդիւնքով: