Մարզական

Futsal_Logo

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Զուք Մոսպեհ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 13 յունուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Զուք Մոսպեհի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ ունի բաւական լաւ մարզիկներ, այսօր լաւագոյն առիթը ունի յաղթելու իր մրցակիցին, թէկուզ անիկա ցարդ պարտութիւն...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Նատալի, Ֆետերերի Եւ Ճոքովիչի Մրցակիցները

Երկուշաբթի, 15 յունուարին սկիզբ կ՛առնէ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը, որ պիտի ըլլայ 2018 տարուան առաջին կրան շլեմի մրցաշարքը: Վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) Ա. հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ Վիքթոր Էսթրելա - Պուրկոսը (Տոմինիքեան): Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի մրցակիցն է Ալիաժ Պետեն (Սլովենիա), իսկ սերպ Նովաք Ճոքովիչի մրցակիցը` ամերիկացի Տոնալտ Եանկ:...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւնները Սկսան

Երէկ` ուրբաթ, 12 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ սկսան Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութիւնները: Հայաստանի տղոց ախոյեանութեան կը մասնակցին 11 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 9-ը` կրանտմասթըրներ, իսկ 2-ը` միջազգային վարպետներ: Իսկ աղջկանց մրցաշարքը ունի 10 ներկայացուցիչ. 1-ը` միջազգային վարպետ, 1-ը` աղջկանց կրանտմասթըր, 3-ը` աղջկանց միջազգային վարպետ, իսկ 1-ը` վարպետութեան թեկնածու: Այս տեղեկութիւնները փոխանցեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Կը նախատեսուի, որ...

Գասպարովի «Պատանի Աստղեր» Ծրագիրը Տաղանդաւոր Երեխաներուն Կը Հրաւիրէ Բոլոր Երկիրներէն

Աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարովի ճատրակի հիմնադրամն ու Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքի ճատրակի կրթական կեդրոնը սկսած են նոր ծրագիրի մը` «Պատանի աստղեր»: Անիկա կ՛ընդունի ճատրակ խաղալու ունակութիւն ունեցող բոլոր երեխաներուն դիմումները` աշխարհի չորս ծագերէն: Մրցումին մասնակցողները` 9-13 տարեկան, պէտք է ներկայացնեն իրենց նուաճումները, իրենց ֆետերասիոնէն յանձնարարական նամակներ եւ մրցումի մասնակցութեան սակը` 100 ամերիկեան տոլար: Մրցումին յաղթականները առիթ կ՛ունենան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Լուէյզի – Ռիատի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 12 յունուարին, Զուք Մոսպեհի իր դաշտին վրայ Լուէյզի կը հիւրընկալէ Ռիատին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Հակառակ անոր որ Լուէյզի արձանագրած է 5 յաղթանակ, կրած 9 պարտութիւն եւ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, բայց եւ այնպէս խումբը կ՛ունենայ լաւ ներկայացումներ եւ յաճախ իր ունեցած...

Ճատրակ. Անդրանիկ Մարգարեանի Անուան Յուշամրցաշարքը Սկիզբ Առաւ

Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ սկիզբ առաւ Անդրանիկ Մարգարեանի անուան յուշամրցաշարքը, որուն շրջանակներուն մէջ տեղի պիտի ունենան 6 մրցաշարքեր. 5-ը պատանեկան եւ մէկը` շրջանային: Բացի Հայաստանէն, յուշամրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ երկիրներու ճատրակ խաղացողները. Ռուսիա, Թուրքմենիստան, Ուքրանիա, Լեհաստան, Իրան եւ Մոլտովա: Հայկական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ յուշամրցաշարքին պիտի մասնակցի 750 հոգի` հետեւեալ ձեւով. 10 տարեկանէն վար տղաք` 313, 12 տարեկանէն վար...

Պեշիքթաշի Փորձերէն Օզպիլիսը Հեռացնելը Կը Նկատուի Անօրինական Կը Յայտնէ Ֆիֆփրօ

Թրքական Պեշիքթաշի պատասխանատուները Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիսին պատուիրած են, որ նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսի: Պեշիքթաշ, որ այժմ կը մարզուի Անթալիոյ մէջ, փորձերէն հեռացուցած է Օզպիլիսը, որ կը մարզուի առանձին: Արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութեան միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՖՓՐՕ) թրքական ակումբին այս որոշումը որակեց անօրինական եւ պահանջեց շուտով լուծել այս հարցը: Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, թէ Պեշիքթաշ որոշած է...

Շաբաթ, 13 Յունուարին Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը

Շաբաթ, 13 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը անոր Տըքուանէի կեդրոնատեղիին մէջ: Համագումարին ընթացքին պիտի քննարկուին ֆետերասիոնի պիւտճէին հարցը, նախորդ տարի ունեցած գործունէութիւնը: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ եթէ պատահի, որ այս ժողովը օրինական չըլլայ, ներկաները ճիշդ շաբաթ մը ետք, միեւնոյն ժամուն երկրորդ նիստի մը պիտի հրաւիրուին: Այս ժողովին պէտք է ներկայ ըլլան ֆետերասիոնին...

Լիբանանի Մինի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն. 2018-ի Ախոյեանութիւնը Պիտի Սկսի 21 Յուլիսին

Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի սկսի 2018-ի մինի ֆութպոլի առաջին պաշտօնական ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքը: Ասկէ մեկնելով ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ակումբները արագացնեն եւ ամբողջացնեն իրենց կազմերը: Մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ տարի կազմակերպեց ոչ պաշտօնական ախոյեանութիւնը, որուն աւարտին Իթթիհատ Ատէյսէ խումբը տիրացաւ տիտղոսին: Այս իրողութենէն մեկնելով, անիկա կը կազմակերպէ իր առաջին պաշտօնական ախոյեանութիւնը, որուն ազդանշանը պիտի...

2018-ի Մոնտիալին Ընթացքին. ՖԻՖԱ-ն Համաձայն Է Մրցումներուն Ընթացքին Ռիփլէյի Դրութիւնը Կիրարկել

14 յունիսէն 15 յուլիս ռուսական 11 քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալը: ՖԻՖԱ-ին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ֆութպոլի համաշխարհային այս կազմակերպութիւնը համաձայն է, որ մրցումներուն ընթացքին ռիփլէյի դրութիւնը կիրարկուի, եթէ կասկածելի որեւէ հարց գոյութիւն ունենայ իրաւարարներուն կողմէ, կը յայտնէ «ԱՍ» օրաթերթը: Այս հարցին վերաբերեալ վերջնական որոշումը ՖԻՖԱ-ի թեքնիք յանձնախումբը պիտի տայ իր նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Քեւին Տիւրանթ Երկրորդ Ամէնէն Երիտասարդ Մարզիկը, Որ Անցաւ Քսան Հազար Կէտի Սահմանը

«Էն. Պի. Էյ.». Քեւին Տիւրանթ Երկրորդ Ամէնէն Երիտասարդ Մարզիկը, Որ Անցաւ Քսան Հազար Կէտի Սահմանը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ: Լոս Անճելըս Քլիփըրզ ստեղծեց մեծագոյն անակնկալներէն մէկը, երբ 125-106 արդիւնքով յաղթեց գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: Լու Ուիլիամզ Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լու Ուիլիամզ անձնական մրցանիշ մը հաստատեց, երբ մրցումին ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկը հանդիսացաւ` նշանակելով 50 կէտ: Քեւին Տիւրանթ Թէեւ Քեւին Տիւրանթ իր կազմին հետ պարտութիւն մը կրեց, սակայն...

Չելսիի Հասոյթը Կազմեց 488 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Չելսիի նախորդ տարեշրջանի հասոյթը, որ աճած է տասը առ հարիւրով, կազմած է 488,2 միլիոն ամերիկեան տոլար, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պատկերասփիւռի կայաններուն սփռումներէն ակումբը ստացաւ 219,5 միլիոն ամերիկեան տոլար, առեւտրական գործունէութիւններէն` 180 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ տեղի ունեցած մրցումներէն` 88,5 միլիոն ամերիկեան տոլար: Ակումբին նիւթական վնասները եղած են 95,4 միլիոն ամերիկեան տոլար, որուն 90,5 միլիոնը լոնտոնեան ակումբը...

Քլիփըրզի Խաղացողը Մխիթարեանը Ընդգրկեց 2017-ի Իր Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Քլիփըրզին մաս կազմող Տանիլօ Քալինարի ներկայացուց 2017 տարուան իր խորհրդանշական հաւաքականին տարբերակը: 29 տարեկան իտալացի մարզիկը լաւագոյններու իր կազմին մէջ ընդգրկեց նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Տանիլոյի համաձայն, 2017-ի խորհրդանշական հաւաքականը հետեւեալ պատկերը ունի. Պիւֆոն, Պոնուչչի, Քիելինի, Փիքէ, Ռամոս, Քասեմիրօ, Ինիեսթա, Մոտրիչ, Մխիթարեան, Մեսսի եւ Ռոնալտօ:  

Մանչեսթըր Սիթի Համաձայնութեան Եկաւ Ալեքսիս Սանչեսի Հետ

Անգլիական մամուլին համաձայն, «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի համաձայնութեան եկած է ձեռք ձգելու լոնտոնեան Արսենալի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեսի ստորագրութիւնը: Շատ հաւանաբար մինչեւ շաբաթավերջ այդ քայլը կատարուի, պայմանով սակայն, որ Արսենալ համաձայն գտնուի առաջարկուած 20 միլիոն եւրոյի գումարին: Չիլիցի 29 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` Արսենալի հետ, կ՛աւարտի այս ամառ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հրապարակուեցաւ Դարձի Մնացեալ Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մնացեալ մրցումներուն յայտագիրը: Հակառակ անոր որ յառաջիկայ շաբաթ երեք խումբեր` ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես կը մեկնին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` մասնակցելու համար Տուպայի միջազգային մրցաշարքին, սակայն ախոյեանութեան գծով մրցումներ տեղի պիտի ունենան այն կազմերուն համար, որոնք վերոնշեալ մրցաշարքին չեն մասնակցիր: Նշենք, որ դարձի մրցումները կ՛աւարտին կիրակի, 4 փետրուարին: Ստորեւ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Արդիւնքներու Վաւերացում, Տուգանքներու Սահմանում Եւ Կախակայումներ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Վաւերացուեցաւ նաեւ Շուէյֆաթի յաղթանակը (8-6)` Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ (ֆութսալ, Ա. դասակարգ), երբ փաստուեցաւ, որ ոչ մէկ համաձայնութիւն եղած է երկու ակումբներուն միջեւ` մրցումին արդիւնքին հետ խաղալու առումով: Ֆետերասիոնը...

Սուրիական Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հալէպ Ապահովեց Ֆայնըլ-Սիքսի Մրցումներուն

Դիմատետրի «Նաւասարդ» էջէն կը տեղեկանանք, որ ՀՄԸՄ Հալէպի տղոց պասքեթպոլի խումբը, շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթներու շարքը, յաջողեցաւ ապահովել Սուրիոյ բաժակի մրցաշարքին ֆայնըլ-սիքսի մրցումներուն իր տոմսը: Անոր հետ միասին այս հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Իթթիհատ, Ուահտէ, Սուրիական բանակ, Քարամէ եւ Սահել: Իր կատարած վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Հալէպ արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը Ժալլա խումբին դէմ` 67-54 արդիւնքով: Ֆայնըլ-սիքսի մրցումները տեղի...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի 13-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Արեւմտեան շրջանին մաս կազմող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, տարեշրջանի իր 13-րդ յաղթանակը արձանագրելով, վերջին դիրքէն բարձրացաւ նախավերջին դիրք` իր տեղը զիջելով Մեմֆիս Կրիզլիզին: Երէկուան այս մրցումին Լէյքըրզ 99-86 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սաքրամենթօ Քինկզին: Մայեմի Հիթ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 90-89 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտէն, երբ մրցումին վերջին...

Թենիս. «Տէյվիս. Քափ». Լիբանան – Թայփէ Մրցումը Հովանաւորութեամբ` Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ պիտի հովանաւորէ 3-4 փետրուարին տեղի ունենալիք Լիբանան - Թայփէ մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա - Ովկիանա թենիսի Տէյվիս Քափի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Թաատոտի դաշտին վրայ (Պէյրութ): Ֆետերասիոնը նախարարին շնորհակալութիւն յայտնելով աւելցուց, որ Լիբանանի ազգային խումբին մարզիկները բաւական լուրջ փորձեր կը կատարեն...

Կիրակի, 14 Յունուարին. Սաժես Կը Պատրաստուի Ղազիրի Դաշտին Կից Մեծ Պաստառ Մը Զետեղելու

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այս շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին, տարբեր տեսակի տուգանքներ սահմանեց Սաժեսի եւ Ռիատիի դէմ, մէկ մրցումի համար: Անոնց համակիրները իրենց կազմին կատարելիք մրցումին (իրենց դաշտին վրայ) փոխանակ մուտքի գին վճարելու 7 հազար լիբանանեան ոսկի, պիտի վճարեն 14 հազար լիբանանեան ոսկի: Այս յաւելեալ 7 հազար լիբանանեան ոսկին (որ իբրեւ տուգանք նկատի առնուած է) պիտի երթայ ֆետերասիոնին...

Page 884 of 1278 1 … 883 884 885 … 1,278

Արխիւներ