Վրաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Զազա Ջանաշիա աճուրդի մը ընթացքին 20 հազար եւրոյի գնեց Զուկտիտի ֆութպոլի ակումբը, որուն հետ ան 1991-ին սկսած էր իր արհեստավարժ ասպարէզը, Վրաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
41 տարեկան Զազայի նախկին ակումբը այժմ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին: Ան կ՛ուզէ խումբը վերստին բարձրացնել Ա. դասակարգ, ասոր համար ալ աշխատանք պիտի տանի:
Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է բազմաթիւ ակումբներու, որոնց կարգին` Լոքոմոթիւ Մոսկուայի: