Նախորդ շաբաթավերջին ձմեռնային արձակուրդը աւարտեցաւ հայկական ֆութպոլի ակումբներուն համար, որոնք վերսկսան իրենց փորձերուն` պատրաստուելու համար 2017-2018 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին:
Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Փիւնիկ իր առաջին հաւաքը պիտի կատարէ 15-21 յունուարին, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, երկրորդը 23 յունուարէն 4 փետրուարին` Ալանիայի մէջ (Թուրքիա), իսկ երրորդը 13-24 փետրուարին` Լառնաքայի մէջ (Կիպրոս):
Գանձասար-Կապան եւս շատ հաւանաբար արտասահմանի մէջ հաւաք մը կատարէ, մինչ այլ խումբերուն վերաբերեալ ցարդ տեղեկութիւններ չկան:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնները կը վերսկսին մարտի սկիզբը: