Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ պայմանագրութիւն մը կնքած է «Էմ. Էմ. Էս.» ընկերութեան հետ, որ 2018-ին Լիբանանի բոլոր ռելիներուն, ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն պիտի ըլլայ անոնց լուսանկարիչը եւ վիտէօ նկարահանումները կատարողը:
Այս պայմանագրութեան ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ՖԻԱ-ի ներկայացուցիչ Իմատ Լահուտի, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի ընդհանուր տնօրէն Շարպել Ժըրժեսի եւ վերոնշեալ ընկերութեան ներկայացուցիչներ Մանսուր Շըպլիի եւ Էլիաս Ապի Աքքարի:
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ը, ՖԻԱ-ի միակ ներկայացուցիչն է Լիբանանի մէջ: