Մարզական

Գագիկ Ծառուկեան 30 Միլիառ Դրամ Կը Ներդրէ Ծաղկաձորի Մէջ Նոր Մարզահամալիրի Կառուցման Համար

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի միջոցներով, Երեւանի ողիմպիական պետական մարզական քոլեճի Ծաղկաձորի մասնաճիւղի շէնքին վրայ պիտի կառուցուի նոր եւ ժամանակակից մարզահամալիր, տեղեկացուց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Յայտարարուեցաւ, թէ մարզահամալիրի կառուցման ընդհանուր ծախսը, որ կը կազմէ 30 միլիառ դրամ, պիտի հոգայ Գագիկ Ծառուկեան: Մարզահամալիրը իր մէջ պիտի ընդգրկէ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող ընդարձակ եւ յարմարաւէտ մարզասրահներ, ֆութպոլի...

«Էն. Պի. Էյ.». Ճէյմս Հարտեն Նշանակեց 60 Կէտ` Դառնալով Պատմական Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, մեծագոյն յաղթականը եղաւ Եութա Ճեզ, որ 30 կէտի տարբերութեամբ բաւական ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը` 129-99 արդիւնքով: Այս պարտութիւնը Ուորիըրզի համար եղաւ տարեշրջանի 11-րդը: Ուորիըրզէն Քլէյ Թոմսըն նշանակեց 27 կէտ: Ճէյմս Հարտեն Երէկուան մրցումներուն լաւապէս կրցաւ փայլիլ, Հիուսթըն Ռոքեթցի աստղերէն Ճէյմս Հարտեն, որ Օրլանտօ...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Աղջկանց Պասքեթպոլի Խումբը Այցելեց «Թռչնոց Բոյն»

Հակառակ անոր որ տօնական օրերը բաւական առաջ աւարտեցան, բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը նախաձեռնեց յատուկ այցելութեան մը` դէպի «Թռչնոց բոյն»: Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ գտնուող հայ մանուկներուն հետ հաճելի պահեր անցընելով` խումբին մարզիկները սիրալիր հանդիպումին աւարտին փոքրերուն տուին նուէրներ եւ հագուստեղէն` խոստանալով այլ առիթով դարձեալ «Թռչնոց բոյն» այցելել եւ ստեղծել լաւ ու յիշատակելի մթնոլորտ մը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 15-րդ Յաղթանակը` Մութթահետի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանին իր կատարած մրցումին, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը: ՀՄԸՄ - Մութթահետ երէկուան մրցումէն։                         Լուսանկարը Տրամադրեց` ՆԵՐՍԷՍ ԱՐԹԻՆ ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր 15-րդ յաղթանակը (2 պարտութեան կողքին), երբ 94-72 արդիւնքով (16-15, 23-19, 29-17 եւ 26-21)...

«Փրեմիեր Լիկ». Մխիթարեան Կատարեց Պաշտօնական Իր Առաջին Մրցումը` Արսենալի Հետ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երեք ճակատումներ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին Արսենալ հիւրը եղաւ Սուանզի Սիթիի: Մարզիչ Արսեն Վենկերի կազմը` Արսենալ, 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վերջինիս դաշտին` «Լիպըրթի Սթատիում»-ի մէջ: Մխիթարեան (աջին) երէկուան մրցումին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին Արսենալի հետ կատարեց պաշտօնական իր առաջին մրցումը, երբ դաշտ ներկայացաւ...

Փէոնկ Շանկ-2018-ի Ողիմպիական. Մասնակցողներու Թիւի Իմաստով Նոր Մրցանիշ Պիտի Հաստատուի

«Պի. Պի. Սի.» յայտնեց, որ Փէոնկ Շանկի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունենալիք 2018-ի ձմեռնային 29-րդ ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 9-25 փետրուարին, մասնակցողներուն թիւի իմաստով նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատուի: Կազմակերպիչ երկիրը յայտարարեց, թէ 92 երկիրներէ 2925 մարզիկներու մասնակցութիւնը կը նկատուի մրցանիշ մը` ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ: Առաջին անգամ ըլլալով, ողիմպիական խաղերուն պիտի մասնակցին Մալեզիա, Սինկափուր, Էքուատոր, Նիկերիա, Քոսովօ...

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Սանամեան Նշանակուեցաւ Արցախի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգին (առաջին լիկա) մէջ հանդէս եկող Արցախ երկկողմանի համաձայնութեամբ իր պայմանագրութիւնը խզեց գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Ախոյեանութեան առաջին կէսէն ետք, երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արցախը շնորհակալութիւն յայտնեց Եսայեանին համագործակցութեան եւ միացեալ լաւ աշխատանքի համար` անոր մաղթելով յաջողութիւն յառաջիկայի ծրագիրներուն եւ մարզական արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին: Այս յայտարարութիւնը կատարելէ մէկ օր ետք, ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ...

Ճատրակ. Արոնեան Աւելի Զօրաւոր Գտնուեցաւ Շորթէն

«Ճիպրալթար-Մասթըրզ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճակատեցաւ անգլիացի Նայճըլ Շորթի դէմ, ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց 39 շարժումին եւ ապահովեց մրցաշարքի իր 5,5 կէտը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 50 երկիրներէ 274 ճատրակ խաղացողներ:  

Տորթմունտ Եւ Արսենալ Համաձայնութեան Եկան Օպամեյանկի Հարցով

Գերմանական «Քիքըր» մարզաթերթը կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Արսենալ եւ Պորուսիա Տորթմունտ ակումբները իրարու հետ փոխադարձ համաձայնութեան եկած են կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի փոխանցման հարցով: Նշուեցաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար, Արսենալ գերմանական ակումբին պիտի վճարէ 63 միլիոն եւրօ, իսկ Արսենալի կողմէ ան տարեկան պիտի ստանայ 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Սկզբունքով Տորթմունտի հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ...

Փիքէ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Պարսելոնայի Հետ

Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց քաթալոնական ակումբին հետ, որ նախատեսուած է մինչեւ 2022: 30 տարեկան Փիքէ, որ Պարսելոնայի սան է, 2004-ին տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ: Սակայն 2006-ին մէկ տարեշրջան փոխ տրուելէ ետք Ռէալ Սարակոսային, 2018-ին վերադարձաւ իր հարազատ ակումբը: Ան այս տարեշրջանին մասնակցած է 27 մրցումի, նշանակած 2 կոլ եւ ստացած 10 դեղին քարտ:

Ըմբշամարտ. Մաքսիմ Մանուկեան Հանդիսացաւ Հայաստանի Ախոյեան. Արսէն Ջուլֆալակեան Պարտուեցաւ Կարապետ Չալեանէն

Երեւանի նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ աւարտած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ախոյեանութենէն ետք, որ տեղի ունեցաւ նոր քաշային կարգերով, յստակացան 2018-ի նոր ախոյեանները: Կարապետ Չալեան (ձախին) Լարուած պայքարէ մը ետք, 77 քկ դասակարգի աւարտական ճակատումին, Լոնտոն-2012-ի ողիմպիականի փոխախոյեան, 2014-ի աշխարհի ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան 5-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց գիւմրեցի Կարապետ Չալեանէն: Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ նաեւ 2016-ի աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան (87...

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս Կէտի Մը Տարբերութեամբ Յաղթական Վերադարձաւ Տենվըրի Դաշտէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Արեւելեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող Պոսթըն Սելթիքս, արձանագրեց տարեշրջանի իր 36-րդ յաղթանակը, երբ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 111-110 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տենվըր Նակեթցի դաշտէն: Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քիրի Ըրվինկ (27): Սակայն ցարդ կատարուած մրցումներէն ետք լաւագոյն խումբը կը հանդիսանայ Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքին...

Իպրահիմովիչ Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Լոս Անճելըս Կալաքսի

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ մօտ է ամերիկեան Լոս Անճելըս Կալաքսի տեղափոխուելու: «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի համաձայն, «Մէյճըր լիկ»-ի խումբին մաս կազմելով 36 տարեկան ֆութպոլիստը տարեկան կրնայ ստանալ 7,7 միլիոն ամերիկեան տոլար աշխատավարձ եւ դառնալ այդ ախոյեանութեան ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ Իպրահիմովիչի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանին վերջը: Եունայթըտի հետ իբրեւ հիմնական ֆութպոլիստ նկատի առնուիլը, մինչեւ...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Թայփէի Պատուիրակութիւնը Հասաւ Լիբանան

Ինչպէս ծանօթ է, 3-4 փետրուարին Լիբանան կը մրցի Թայփէի դէմ, Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Երէկ յետմիջօրէին Լիբանան հասաւ Թայփէի պատուիրակութիւնը: Յայտնենք, որ այս մրցաշարքին նախօրեակին տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանէն յետաձգուած երկու մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր, մինչ երրորդը վաղը` չորեքշաբթի: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Թրիփոլիի Մութթահետը, երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Նոյն ժամուն, Ղազիրի մէջ, Թատամոն հիւրը կ՛ըլլայ Սաժեսի: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Պիպլոս կը հիւրընկալէ Ռիատին: Ստորեւ`...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Յաջողութիւն Մաղթեց Ֆութսալի Ազգային Խումբին

Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 30 յունուարին, կը մեկնի Թայուան (Չինաստան), ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին, որ կը սկսի 1 փետրուարին եւ կ՛աւարտի 12 փետրուարին: Այս առիթով Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ընթրիքի յատուկ երեկոյի մը ընթացքին յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբին: Ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար ըսաւ, որ Լիբանանի ազգային խումբին ձեռք ձգելիք արդիւնքները բոլորին համար...

Մխիթարեան` Արսենալի Հաւանական Հիմնական Կազմին Մէջ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր շատ հաւանական է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր նորամուտը նշէ իր նոր կազմին` Արսենալի հետ, նկատի ունենալով, որ ըստ «Տէյլի Սթար»-ի, լոնտոնեան կազմի ֆրանսացի գլխաւոր մարզիչ Արսեն Վենկեր առաջին տասնմէկին մէջ առած էր հայրենի ֆութպոլիստը: Սուանզիի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք այսօրուան այս մրցումին, որ պիտի սկսի Պէյրութի ժամանակացոյցով...

Թենիսի Նոր Դասաւորման Մէջ. Ֆետերեր Մօտեցաւ Նատալին. Վոզնիաքի` Առաջին Դիրքին Վրայ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երէկ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, թէեւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ մնաց տղոց պարագլուխի դիրքին վրայ, սակայն Աւստրալիոյ կրան շլեմի տիտղոսին տիրացած 36 տարեկան զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր բաւական մօտեցաւ անոր: Ռոժէ Ֆետերեր (աջին) Ռուսիոյ դրօշին ներքեւ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով կը գրաւէ 47-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1030 կէտ: Նատալ ունի 9760 կէտ, մինչ Ֆետերեր` 9605: Աղջկանց...

Քոնկ Ֆու-Քինտա. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբը` Առաջին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Շեպիպէ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի քոնկ ֆուի` Քինտայի Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին մրցումները: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 62 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Անթունիէ, Ներքին ապահովութեան ուժեր, Պետական անվտանգութեան ուժեր, Սանթրալ Ժունիէ, Շաոլին Պէյրութ, Շեպիպէ Շիահ եւ Ժամհուր: 45 կէտ ապահովելով Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը գրաւեց առաջին դիրքը, ապա անոր...

27 Մարտին Հայաստան – Լիթուանիա Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 27 մարտին Հայաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լիթուանիոյ դէմ, Երեւանի մէջ: Նշուեցաւ, որ ֆետերասիոնը բանակցութիւններ կը կատարէ բարեկամական այլ մրցումի մը համար ալ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցումներ կատարելով պիտի պատրաստուի սեպտեմբեր 2018-ին սկսելիք Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին: Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան (Դ. դասակարգ) իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մակեդոնիան,...

Page 876 of 1278 1 … 875 876 877 … 1,278

Արխիւներ