Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երեք ճակատումներ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին Արսենալ հիւրը եղաւ Սուանզի Սիթիի:
Մարզիչ Արսեն Վենկերի կազմը` Արսենալ, 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վերջինիս դաշտին` «Լիպըրթի Սթատիում»-ի մէջ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին Արսենալի հետ կատարեց պաշտօնական իր առաջին մրցումը, երբ դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Մոհամետ Էլնենիի:
Պէտք է ըսել, որ Մխիթարեան եղաւ բաւական աշխուժ եւ յաջողեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալ:


