
Ինչպէս ծանօթ է, 3-4 փետրուարին Լիբանան կը մրցի Թայփէի դէմ, Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Երէկ յետմիջօրէին Լիբանան հասաւ Թայփէի պատուիրակութիւնը: Յայտնենք, որ այս մրցաշարքին նախօրեակին տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը: