Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ մօտ է ամերիկեան Լոս Անճելըս Կալաքսի տեղափոխուելու:
«Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի համաձայն, «Մէյճըր լիկ»-ի խումբին մաս կազմելով 36 տարեկան ֆութպոլիստը տարեկան կրնայ ստանալ 7,7 միլիոն ամերիկեան տոլար աշխատավարձ եւ դառնալ այդ ախոյեանութեան ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ Իպրահիմովիչի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանին վերջը:
Եունայթըտի հետ իբրեւ հիմնական ֆութպոլիստ նկատի առնուիլը, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, անոր համար բաւական դժուարացած էր, մանաւանդ որ վերջերս խումբին միացաւ չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեզ:



