Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 30 յունուարին, կը մեկնի Թայուան (Չինաստան), ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին, որ կը սկսի 1 փետրուարին եւ կ՛աւարտի 12 փետրուարին:
Այս առիթով Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ընթրիքի յատուկ երեկոյի մը ընթացքին յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբին:
Ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար ըսաւ, որ Լիբանանի ազգային խումբին ձեռք ձգելիք արդիւնքները բոլորին համար պիտի ըլլան հպարտանքի առիթ: Ան յաջողութիւն մաղթեց կազմին` յոյս յայտնելով, որ անիկա տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրէ հոն:
Դ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան իրեն մրցակից պիտի ունենայ Թայլանտը, Խըրխըզիստանը եւ Յորդանանը:
Մրցաշարքին կը մասնակցին 16 խումբեր: