Ճատրակ. Ճիպրալթարի «Մասթըրզ Օփըն». Արոնեան Ցարդ Անպարտելի` 6-րդ Հանգրուանէն Ետք
Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Մասթըրզ օփընի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց հնդիկ Շարտուլ Կակարէի դէմ` 47-րդ շարժումին: 4,5 կէտ ապահոված Արոնեան արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` իր երեք հաւասարութիւններուն կողքին: Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան, ճերմակ քարերով յաղթելէ ետք հնդիկ Պապու Լալիթի, ունեցաւ 4 կէտ: Զուիցերիական մրցակարգով...







