«Ճիպրալթար-Մասթըրզ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճակատեցաւ անգլիացի Նայճըլ Շորթի դէմ, ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց 39 շարժումին եւ ապահովեց մրցաշարքի իր 5,5 կէտը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 50 երկիրներէ 274 ճատրակ խաղացողներ:



