Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր շատ հաւանական է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր նորամուտը նշէ իր նոր կազմին` Արսենալի հետ, նկատի ունենալով, որ ըստ «Տէյլի Սթար»-ի, լոնտոնեան կազմի ֆրանսացի գլխաւոր մարզիչ Արսեն Վենկեր առաջին տասնմէկին մէջ առած էր հայրենի ֆութպոլիստը:
Սուանզիի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք այսօրուան այս մրցումին, որ պիտի սկսի Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին, Մխիթարեանի` Արսենալի հաւանական հիմնական կազմին մէջ առնուիլը կը նկատուի բաւական դրական քայլ մը` անոր ֆութպոլի դաշտ վերադարձին եւ իր արժանավայել դերակատարութիւնը ունենալու առնչութեամբ: