Մարզական

Մարզական Վճռաբեկ Դատարանը Ներում Շնորհեց Որակազրկուած 28 Ռուս Ողիմպիականներուն

Ժընեւի մէջ գտնուող Մարզական վճռաբեկ դատարանը (ՔԱՍ), գոհացում տալով 28 ռուս ողիմպիական մարզիկներուն բողոքին, չեղեալ նկատեց անոնց ցմահ որակազրկումը եւ արգելքը` ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ: Դատական նիստերը տեղի ունեցան 22-27 յունուարին: Լեկքովի, Թրեթիաքովի, Քրիուքովի եւ Սոչի-2014-ի ողիմպիական խաղերուն մնացեալ ռուս մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները վերահաստատուեցան: Այսպիսով, անոնք իրաւունք կ՛ունենան ապագային մասնակցելու ողիմպիականին: Անոնց պիտի վերադարձուին նաեւ Սոչիի ողիմպիական մետալները: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն,...

Ֆելլայնի Շուրջ 2 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Անգլիական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Մարուան Ֆելլայնի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով շուրջ 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: 30 տարեկան պելճիքացին վիրաւորուեցաւ Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին, երբ իր կազմը պարտուեցաւ (2-0): Շատ հաւանաբար ան վիրաբուժութեան ենթարկուի:  

«Էն. Պի. Էյ.» Փոլ Ճորճ Նշանակեց 43 Կէտ, Բայց Օքլահոմա Սիթի Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ ճակատումներ: Օքլահոմա Սիթի, որ Տենվըր Նակեթցի հիւրն էր, երեք կէտի տարբերութեամբ` 127-124 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, հակառակ անոր որ Օքլահոմայի մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 43 կէտ: Ժամալ Միւրէյ (Նակեթց) նշանակեց 33 կէտ, մինչ անոր խմբակից Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (29 կէտ, 13 ռիպաունտ, 14 էսիսթ): Տիթրոյիթ Փիսթընզ երկու կէտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – Պէյրութ Կարեւոր Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 2 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ Մութթահետ - Պէյրութ բացման կարեւոր մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ, Թրիփոլի: Այս մրցումը կարեւոր է այն իմաստով, որ յաղթական խումբը պիտի գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` նկատի ունենալով, որ դարձի մրցումներէն ետք,...

Փիոնկ Չանկ-2018. Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Հրապարակեց Ձմեռնային 23-րդ Ողիմպիականին Մասնակցող Լիբանանեան Պատուիրակութեան Ցանկը

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին կեդրոնատեղիին մէջ (Պաապտա) տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 9-25 փետրուար 2018-ին Փիոնկ Չանկ (Հարաւային Քորէա) մեկնող լիբանանեան պատուիրակութեան ցանկը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ձմեռնային 23-րդ ողիմպիական խաղերուն: PROFOTO Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին հրապարակած ցանկին մէջ, պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռեմոն Սըքքար, պատասխանատուներն են Ֆրետի Քէյրուզ, Եուսեֆ Խալիլ, մարզիչները` Սելիմ Քէյրուզ, Ռոման Կարսան,...

Երկրորդ Տարին Ըլլալով` «Ռետ-Պուլ» Քեն Եու Մէյք Իթ»-ի Արկածախնդրական Մրցումը

Լիբանանի մէջ գտնուող «Ռետ Պուլ»-ի գրասենեակէն մեզի հաղորդուած յատուկ տեղեկութեան համաձայն, մարզական բազմաթիւ մրցումներ կազմակերպող այդ ընկերութիւնը, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, կը կազմակերպէ «Ռետ-Պուլ» Քեն Եու Մէյք Իթ»-ի արկածախնդրական մրցումը: Անիկա իր տեսակին մէջ քիչ մը եզակի մրցում մըն է: Ստորեւ` այս մասին հակիրճ բացատրողական ակնարկ մը. Նախ մրցումին կը մասնակցին աշխարհի տարածքէն 60 խումբեր, ընդամէնը` շուրջ 200 ուսանող: Ընտրուած...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Այսօր` Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը. Վաղը` Բացման Հանդիսութիւնը

PROFOTO Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ այսօր` ուրբաթ, 2 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սմոլ Վիլ» պանդոկին մէջ (Թանգարանի շրջան-Պատարօ) տեղի պիտի ունենայ Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ կատարուելիք, Լիբանան - Թայփէ թենիսի «Տէյվիս Քափ» մրցաշարքի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, մինչ մրցաշարքին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի վաղը` շաբաթ, 3 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 12:00-ին, Թաատոտի դաշտին վրայ (Պէյրութ): Հանդիսութեան ուղղակի...

Շաբաթ, 3 Փետրուարին Լիբանանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնը Կը Կատարէ 2017 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը

Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ շաբաթ, 3 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) պիտի կատարէ 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Յաջորդաբար խօսք պիտի առնեն Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին նախագահը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչը: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին միայն մարզիկները չէ, որ պիտի պարգեւատրուին, այլ նաեւ` ֆետերասիոնին իրաւարարներն ալ, որոնք իրենց ամէն կարելին ըրին, որպէսզի...

Փինկ Փոնկ.  Ժամհուր Կը Կազմակերպէ Փաթրիք Ասսաֆի Անուան 11-րդ Մրցաշարքը

Փինկ Փոնկ. Ժամհուրի Տարեկան Մրցաշարք. Անթունիէ Տիրացաւ Տղոց Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տարեկան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 66 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 21 վարժարաններ` լիբանանեան տարբեր շրջաններէ: Տղոց խմբային տիտղոսին տիրացաւ Անթունիէ Պաապտա մինչ աղջկանց տիտղոսին` Աքիլա Մուքատտասա-Ֆանար: Աւարտին կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցումներուն հսկեցին Սամիր Շաղուրի, Ժորժ Հապայեպ եւ Ժոզեֆ Շալհուպ:

«Էմ. Էմ. Էյ.» Հայ Մարզիկը Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Վրաստանի Ռուսթաւի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») մրցաշարքին, հայ մարզիկ Սերկէյ Յարութիւնեան թեքնիք նաք-աութով յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Էմրուզ Հուսէյնովին: Մենամարտը դադրեցաւ առաջին իսկ ռաունտին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սերկէյ Յարութիւնեան «վանդակ»-ին մէջ շրջեցաւ Հայաստանի դրօշով:

Ինքնաշարժի Արկածի Մը Պատճառով. «Էն. Պի. Էյ.»-ի Նախկին Մարզիկը Իր Կնոջ Հետ Մահացաւ

Ամերիկեան մամուլը երէկ յայտնեց, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի նախկին մարզիկներէն Ռասըլ Պաթլըր ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով մահացաւ: Դժբախտ պատահարը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Սթիւտիօ-Սիթի թաղամասին մէջ երբ 38 տարեկան Պաթլըրի ինքնաշարժը` «Ռենճ Ռովըր»-ը բախեցաւ պատի մը: Ինքնաշարժին մէջ էր նաեւ անոր կինը` երգչուհի Լէա Լապել: Ռասըլ Պաթլըր «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ելոյթ ունեցած է 2002-էն 2016` մաս կազմելով հետեւեալ խումբերուն....

«Էն. Պի. Էյ.». Ֆէոնիքս Սանզին Մաս Կազմող Այզեյա Քանան Ծանր Վնասուածք Ստացաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, թէեւ Ֆէոնիքս Սանզ յաջողեցաւ 102-88 արդիւնքով յաղթել իր հիւրին` Տալաս Մավըրիքսին, սակայն անոր մէկ մարզիկը` Այզեյա Քանան, ոտքի կոտրուածք մը ստացաւ: Այզեյա Քանան Առաջին քորթըրին, 26 տարեկան Այզեյա, անյաջող վայրէջք մը կատարելէ ետք, սխալ շարժումով մը ինկաւ գետին եւ պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն: Շիքակօ Պուլզի դէմ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի...

Մարքոս Փիցելլի Հեռացաւ Շապապէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի լքեց իր կազմը` Շապապը, որ մաս կը կազմէ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին: Նշուեցաւ, որ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ 33 տարեկան Փիցելլիի խնդրանքով: Փիցելլիի ներկայացուցիչ Տիգրան Մկրտչեան յայտնեց, որ ան պիտի վերադառնայ իր նախկին ակումբը` Աքթոպէ (Ղազախստան):

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ֆետերասիոնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանցի Իրաւարարներուն

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա եւ ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին լիբանանցի բոլոր իրաւարարներուն` աւելցնելով, որ ֆետերասիոնը ամէն գնով պիտի պաշտպանէ իր իրաւարարները, որոնք ունին բացառիկ յատկութիւններ եւ Ասիոյ ցամաքամասին մէջ, ասիական եւ արաբական ֆետերասիոններուն կողմէ կը նկատուին լաւագոյն իրաւարարներուն կարգին: Ֆետերասիոնը զգուշացուց բոլոր ակումբները, որ զսպեն իրենց համակիրները, մարզիկները եւ պատասխանատուները`...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ինչպէս ծանօթ է, 3-4 փետրուարին Թաատոտ ակումբին (Պէյրութ) մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանան - Թայփէ մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա - Ովկիանիա թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: PROFOTO Այս մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը «Սմոլ Վիլ» պանդոկին մէջ (Պատարօ) տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մանրամասն անդրադարձաւ այդ մրցումին: Լիբանանի...

Մխիթարեան Եւ Օպամեյանկ Դարձեալ Խմբակից Դարձան

Պորուսիա Տորթմունտի կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ լոնտոնեան Արսենալի հետ, յայտնեց գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը: Արսենալի կայքը նշեց, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին այս փոխանցումը իրականացաւ ակումբին համար մրցանշային գումարով, որուն մանրամասնութիւնները այսուհանդերձ չյայտարարուեցան: Նշենք սակայն, որ նախապէս լուրեր շրջան կ՛ընէին, թէ Օպամեյանկը ձեռք ձգելու համար անգլիական ակումբը պիտի վճարէ 63 միլիոն եւրօ, իսկ ֆութպոլիստին 10...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս – Ռիատի` 80-88

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ կատարուեցաւ Պիպլոս - Ռիատի մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 88-80 արդիւնքով (24-15, 24-21, 18-28, 14-24): Հակառակ անոր որ Պիպլոս մրցումին տեւողութեան ունեցաւ 12 կէտի առաւելութիւն մը (48-36), սակայն չկրցաւ օգտուիլ ատկէ: Պիպլոսէն 34 կէտ նշանակեց Նիքոլա Ցիքիշվիլի, իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբերին` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Հրապարակուեցաւ Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Յայտագիրը

Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց իր շաբաթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող բազմաթիւ հարցեր: Ա. դասակարգի որեւէ խումբ տուգանքի չենթարկուեցաւ այս շաբաթ: Սակայն Բ. դասակարգի պարագային, Շապապ Մաժտալ Այնճար 2 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Կախակայումները սակայն քիչ մը շատ եղան: Թատամոն Սուրի մարզիկներէն Քազեմ Աթիէ կախակայուեցաւ 3 մրցումով: Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար մէկական...

Հայկական Ֆութպոլ. Հրայր Մկոյեան Միացաւ Շիրակին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կեդրոնի յետսապահ` Հրայր Մկոյեան, որ վերջին անգամ ելոյթ ունեցաւ իրանեան Իսթիղլալի հետ (2014-էն ի վեր), վերադարձաւ հայրենիք եւ միացաւ բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Շիրակ Գիւմրիին: 31 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 1 օգոստոս 2018, պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ Շիրակի հետ (2004-2006), ապա մաս կազմեց Արարատի, Շիրակի, Ուլիսի, Գանձասարի,...

Ճատրակ. Արոնեան Նահանջեց 5-րդ Դիրք

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած փետրուար ամսուան դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 4-րդ դիրքէն նահանջեց 5-րդ դիրք: Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2843): Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գաբրիէլ Սարգսեան (2677) 67-րդն է, Վլատիմիր Յակոբեան (2667)` 76-րդը, Հրանդ Մելքումեան (2664)` 82-րդը (նախորդ ամիս ան 97-րդ դիրքին վրայ էր):

Page 875 of 1278 1 … 874 875 876 … 1,278

Արխիւներ