«Պի. Պի. Սի.» յայտնեց, որ Փէոնկ Շանկի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունենալիք 2018-ի ձմեռնային 29-րդ ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 9-25 փետրուարին, մասնակցողներուն թիւի իմաստով նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատուի:
Կազմակերպիչ երկիրը յայտարարեց, թէ 92 երկիրներէ 2925 մարզիկներու մասնակցութիւնը կը նկատուի մրցանիշ մը` ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ:
Առաջին անգամ ըլլալով, ողիմպիական խաղերուն պիտի մասնակցին Մալեզիա, Սինկափուր, Էքուատոր, Նիկերիա, Քոսովօ եւ Էրիթրէա:
Մեծագոյն պատուիրակութիւնը պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներ (242 մարզիկ), ապա` Քանատա (226):
15 մարզաձեւերու համար յատկացուած են 102 մետալներ:



