Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի միջոցներով, Երեւանի ողիմպիական պետական մարզական քոլեճի Ծաղկաձորի մասնաճիւղի շէնքին վրայ պիտի կառուցուի նոր եւ ժամանակակից մարզահամալիր, տեղեկացուց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Յայտարարուեցաւ, թէ մարզահամալիրի կառուցման ընդհանուր ծախսը, որ կը կազմէ 30 միլիառ դրամ, պիտի հոգայ Գագիկ Ծառուկեան:
Մարզահամալիրը իր մէջ պիտի ընդգրկէ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող ընդարձակ եւ յարմարաւէտ մարզասրահներ, ֆութպոլի մարզադաշտ, աթլեթիզմի համալիր, առանձին վազքուղի, հրացանաձգութեան յատուկ վայր, լողաւազան (50×25 մեթր), խթանիչ դեղերու ստուգման յատուկ բաժին, ինչպէս նաեւ մամլոյ ասուլիսի յատուկ սրահ:



