Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Շեպիպէ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի քոնկ ֆուի` Քինտայի Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին մրցումները:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 62 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Անթունիէ, Ներքին ապահովութեան ուժեր, Պետական անվտանգութեան ուժեր, Սանթրալ Ժունիէ, Շաոլին Պէյրութ, Շեպիպէ Շիահ եւ Ժամհուր:
45 կէտ ապահովելով Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը գրաւեց առաջին դիրքը, ապա անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Շեպիպէ Շիահ (21 կէտ) եւ Սանթրալ Ժունիէ (10 կէտ):
Աւարտին Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին նախագահն ու այլ անդամներ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:
Յայտնենք, որ իրաւարարներուն կարգին էր նաեւ` Րաֆֆի Սարգիսեան: