Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ»

- Մեսսի Նշանակեց Պարսելոնայի Հաւասարութեան Կոլը - Պայէրն Միւնիխ 5 - 0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պեշիքթաշը Չելսի - Պարսելոնա մրցումէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1 - 16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա, որ Լոնտոնի մէջ հիւրը եղաւ Չելսիին, 1 - 1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի նշանակած կոլին (75-րդ): Ուիլան, որ երկու անգամ հարուածեց Պարսելոնայի բերդին...

Ա. Սէ. Միլանի Սեփականատէրը Սնանկացած Հռչակուեցաւ

Իտալական «Քորիերէ տելլա սերա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէրը` Եոնկհոնկ Լի, սնանկացած հռչակուեցաւ: Նշուեցաւ, որ չին գործարարին բոլոր ունեցուածքները պիտի հանուին աճուրդի: Թէեւ այս գծով ցարդ պաշտօնական ոչինչ կայ, սակայն անուանի եւ հեղինակաւոր շարք մը պարբերաթերթերու եւ օրաթերթերու գլխաւոր նիւթն էր անոր սնանկացումը:

Պրազիլի Մէջ. 9 Կարմիր Քարտ` Ֆութպոլի Մրցումի Մը Ընթացքին

Պրազիլական մամուլով հրատարակուած լուրի մը մէջ կը նշուի, որ Պրազիլի Պայա նահանգին մէջ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցում մը մնաց անաւարտ: Վիքթորիա եւ Պայա խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին, հիւր կազմին նշանակած փենալթիէն ետք սկսաւ զանգուածային բախում, որուն պատճառով իրաւարարը տուաւ 5 կարմիր քարտ (3-ը` հիւր կազմին): Քանի մը վայրկեան ետք, երկու ֆութպոլիստներ եւս կարմիր քարտ ստացան: Մրցումին աւարտէն...

Քասիաս Կ՛ուզէ «Քալչիօ» Տեղափոխուիլ

Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս, որուն պայմանագրութիւնը այժմու իր ակումբին` Փորթոյի հետ կ՛աւարտի այս ամրան, կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել «Քալչիօ»-ի մէջ: Նշուեցաւ, թէ 36 տարեկան բերդապահը իր գործակատարէն խնդրած է, որ այս ուղղութեամբ փնտռտուքի աշխատանքին սկսի:  

Վոլֆսպուրկ Մնաց Առանց Մարզիչի

47 տարեկան Մարթին Շմիթ հեռացաւ գերմանական Վոլֆսպուրկի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ղեկավարութիւնը փորձեց չընդունիլ անոր հրաժարականը, բայց ան մնաց անդրդուելի իր տուած որոշումէն: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 23-րդ հանգրուանէն ետք, Վոլֆսպուրկ 24 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը: Զուիցերիացի մարզիչը 2017 սեպտեմբերէն խումբին մարզիչն է:

«Ազդակ»-ի Յատուկ Հարցազրոյցը` Հայաստանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

«Մեծ Յոյսով Ենք, Որ Հայաստան - Լիբանան Գործակցութիւնը Կարեւոր Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ» Ըսաւ Արթուր Նազարեան Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Վերջերս յատուկ այցելութեամբ մը Լիբանան կը գտնուէր Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան, որ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ պասքեթպոլի մարզի լիբանանահայ ներկայացուցիչներուն հետ: Անոր այս այցելութեան առիթով «Ազդակ» ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը Նազարեանին հետ եւ կատարեց կարեւոր հարցազրոյց մը Հայաստանի պասքեթպոլի...

ՀՄԸՄ –ԼԵՎԱՄ.  Մինի Ֆութպոլի Եւ  Փինկ Փոնկի Արդիւնքներ

ՀՄԸՄ –ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Եւ Փինկ Փոնկի Արդիւնքներ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը շաբաթավերջին իր յայտագիրներու ծիրին մէջ կազմակերպած էր մինի ֆութպոլի մրցումներ: Ուրբաթ օր տեղի ունեցած մրցումին, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի 2004 / 2005-ի ծնունդ խումբը փենալթիներով յաղթեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին` 2 - 1 արդիւնքով: Սակայն օդի աննպաստ պայմաններուն պատճառով շաբաթ օրուան մրցումները յետաձգուեցան: Փինկ փոնկի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ կիրակի,18 փետրուար...

Աթլեթիզմ. Լեւոն Աղասեան Ոսկի Մետալի Տիրացաւ Պոլսոյ Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեւոն Աղասեան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ոսկի մետալի տիրացաւ Պալքանեան երկիրներու ձմեռնային ախոյեանութեան երեք քայլ ոստումի մրցումներուն: Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան կապանցի 23 տարեկան մարզիկը արձանագրեց 16,35 մեթր արդիւնք մը: Արծաթ եւ պրոնզ մետալներու տիրացան պուլկարացի մարզիկները: Հայաստան այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէր` 11 մարզիկով (6 տղաք եւ 5 աղջիկներ): Աղասեան, որ նախորդ տարի Պելկրատի...

Դահուկարշաւ. 23-25 Փետրուարին` Լիբանանի Կրտսերներու Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 23-25 փետրուարին Արզի մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի դահուկարշաւի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները: Այս ախոյեանութիւնը յետաձգուած էր ձիւնի քիչ քանակին պատճառով` նկատի ունենալով, որ քիչ ձիւնով կարելի չէր ախոյեանութիւն կատարել: Ֆետերասիոնը աւելցուց, որ բոլոր այն ակումբները, որոնք նախորդ շաբաթ այս ախոյեանութեան մասնակցող մարզիկներուն ցանկը չուղարկեցին ֆետերասիոնին, պարտին անմիջապէս այդ անուանացանկը ներկայացնել անոր: Կրտսերներու այս ախոյեանութիւնը կը...

Քարաթէ. Լիբանան Հանդիսացաւ Երրորդ` Ճափոնի Մէջ

Օսաքայի մէջ (Ճափոն) տեղի ունեցած աշխարհի քարաթէի կրտսերներու ախոյեանութեան, Լիբանան յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով տիրանալ պրոնզ մետալին եւ բնականաբար բարձրանալ փոտիում: Այս ախոյեանութեան Լիբանանը ներկայացուց Պուտտա ակադեմիան, որ իր կազմին մէջ ունի բաւական լաւ մարզիկներ:

Սուսերամարտ. Մուսթաֆա Հաժ Արծաթ Մետալ Մը Ապահովեց Լիբանանին

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած միջերկրականեան երկիրներու ախոյեանութեան մրցումներուն, 14 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Մուսթաֆա Հաժ Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը: Ան իրեն մրցակից ունեցաւ բաւական փորձառու մարզիկներ, որոնք եկած էին Իտալիայէն, Սպանիայէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ: Եգիպտոս մեկնած լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն էր Ռուպա Հաժ, մինչ մարզիկներուն մարզիչն է Խալիլ Պու Խալիլ: Գահիրէ մեկնողներուն կարգին եղան նաեւ մարզիկներ Քարլ Պու Խալիլ,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Չելսի – Պարսելոնա

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Չելսի պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նոյն ժամուն, Պայէրն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Պեշիքթաշը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ Չելսի - Պարսելոնա մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուած է Ճունէյթ Չաքըր (Թուրքիա):...

Ամերիկեան Պասքեթպոլ. Ճէյմսի Գլխաւորած Խումբը Յաղթեց Քարիի Կազմին` 148-145 Արդիւնքով

Նախորդ շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներ տեղի չունեցան` նկատի ունենալով, որ կատարուեցաւ Օլ-Սթարի մրցումը: Այս տարի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններուն անունով չեղաւ այս ճակատումը, այլ իւրաքանչիւր շրջանէն մէկական մարզիկ (ընտրուած` քուէարկութեամբ) կազմեց իր խումբը: Լեպրոն Ճէյմսի կազմած խումբը 148-145 արդիւնքով (31-42, 45-36, 33-34 եւ 39-33) յաղթեց Սթեֆըն Քարիի կազմած խումբին: Լեպրոն Ճէյմս Լեպրոն Ճէյմս, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց...

2018-ի Ձմեռնային Ողիմպիական. Նորվեկիա Մնաց Առաջին

Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չիանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի ձմեռնային 23-րդ ողիմպիական խաղերուն 10-րդ օրը, երէկուան երեք ոսկի մետալներէն երկուքին տիրացաւ Նորվեկիա, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անիկա պահէ իր պարագլուխի դիրքը եւ յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով իր ետին ձգէ Գերմանիան: Գերմանիա երէկ բաւականացաւ 2 արծաթ մետալով: Լորենցըն Հաւարտ Նովեկիա իր ոսկի մետալներէն մէկուն տիրացաւ տղոց սքի-ճամփինկի մրցումներուն: Իսկ երկրորդ...

Թենիս. Ռոժէ Ֆետերերի 97-րդ Տիտղոսը

Հոլանտական Ռոթերտամ քաղաքին մէջ աւարտած թենիսի «Էյ. Թի. Փի.»-ի միջազգային մրցաշարքին յաղթականը եղաւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ աւարտականին 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց պուլկարացի Կրիկոր Տիմիթրովի դէմ: 36 տարեկան Ֆետերերի համար այս տիտղոսը եղաւ այս տարուան երկրորդը, իսկ անոր արհեստավարժ ասպարէզին 97-րդը: Նախքան այս տիտղոսին տիրանալը` նկատի ունենալով, որ ան ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, յաջողեցաւ տղոց միջազգային դասաւորման...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 16-19 մարտին: Ստորեւ` վիճակաձգութիւնը. Շեֆիլտ Ուենզտէյ կամ Սուանզի - Ռոքտէյլ կամ Թոթենհամ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Պրայթըն Լայսթըր Սիթի - ՉելսիՈւիկըն Աթլեթիք կամ Մանչեսթըր Սիթի - Սաութհեմփթըն

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ ճակատեցաւ Սփորթինկ Պաքնայայի դէմ, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 65-24 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը, Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ) իր կատարած մրցումին: ՀՄԸՄ Պէյրութի յաջորդ մրցակիցն է Պէյրութը: Յաջորդ հանգրուանի տոմս մը ապահովելու համար, ՀՄԸՄ պէտք է անպայման յաղթանակ մը արձանագրէ` նկատի ունենալով, որ ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Սաժես` 0-0

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 17 փետրուարին, Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ - Սաժես մրցումը: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ, ինչ որ դասաւորման մէջ կացութենէն բան չփոխեց: Անոնք մնացին իրենց դիրքերուն վրայ: Այժմ ՀՄԸՄ 17 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը, մինչ Սաժես` 10-րդ դիրքը (16 կէտով): Նասեր Պար...

Նշանառութիւն. Ռէյ Պասիլ Լիբանանին Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Լիբանանցի փորձառու եւ միջազգային մարզիկ Ռէյ Պասիլ նախորդ շաբաթավերջին Քաթարի միջազգային նշանառութեան մրցաշարքին Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը, երբ 125 հարուածներէն 120-ը հասցուց իրենց նպատակին: Ան միայն մէկ հարուած նուազ կատարեց ոսկի մետալի տիրացած իտալացի Ալեսանտրա Փիրելլիէն: Երրորդ դիրքը 118 հարուածով գրաւեց ֆինլանտացի Սաթօ Մաքիլա: Ռէյ Պասիլ (ձախին) 1988-ին ծնած Ռէյ Պասիլ, որ միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է եօթներորդ, իսկ...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերը Յաղթական

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Աֆաք խումբին դէմ, 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (կիսախաղ` 2-0, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի): ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան, Աւօ Տոնպուրեան (2-ական կոլ) եւ Հայկ Խաչերեան: Երթին ՀՄԸՄ երէկուան իր մրցակիցէն կրած էր...

Page 869 of 1278 1 … 868 869 870 … 1,278

Արխիւներ