«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Չելսի պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նոյն ժամուն, Պայէրն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Պեշիքթաշը:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ Չելսի – Պարսելոնա մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուած է Ճունէյթ Չաքըր (Թուրքիա): 41 տարեկան թուրք իրաւարարը ցարդ սուլած է Պարսելոնայի կատարած հինգ մրցումներ, որոնց ընթացքին Պարսա արձանագրած է 4 յաղթանակ:



