Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեւոն Աղասեան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ոսկի մետալի տիրացաւ Պալքանեան երկիրներու ձմեռնային ախոյեանութեան երեք քայլ ոստումի մրցումներուն:
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան կապանցի 23 տարեկան մարզիկը արձանագրեց 16,35 մեթր արդիւնք մը: Արծաթ եւ պրոնզ մետալներու տիրացան պուլկարացի մարզիկները:
Հայաստան այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէր` 11 մարզիկով (6 տղաք եւ 5 աղջիկներ):
Աղասեան, որ նախորդ տարի Պելկրատի մէջ եւս տիրացած էր ոսկի մետալին, Ռիօ-2016-ի ողիմպիականին իր մասնակցութիւնը բերած էր:



