Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ ճակատեցաւ Սփորթինկ Պաքնայայի դէմ, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 65-24 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը, Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ) իր կատարած մրցումին:
ՀՄԸՄ Պէյրութի յաջորդ մրցակիցն է Պէյրութը:
Յաջորդ հանգրուանի տոմս մը ապահովելու համար, ՀՄԸՄ պէտք է անպայման յաղթանակ մը արձանագրէ` նկատի ունենալով, որ ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: