Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Յատուկ Հարցազրոյցը` Հայաստանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

February 20, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեծ Յոյսով Ենք, Որ Հայաստան – Լիբանան Գործակցութիւնը Կարեւոր Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ»

Ըսաւ Արթուր Նազարեան

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Վերջերս յատուկ այցելութեամբ մը Լիբանան կը գտնուէր Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան, որ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ պասքեթպոլի մարզի լիբանանահայ ներկայացուցիչներուն հետ:

Անոր այս այցելութեան առիթով «Ազդակ» ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը Նազարեանին հետ եւ կատարեց կարեւոր հարցազրոյց մը Հայաստանի պասքեթպոլի մասին` բաւական լայն եւ ընդարձակ տեղեկութիւններ քաղելով անկէ:

Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ բարի եկած էք Լիբանան: Արդեօք կարելի՞ է մեր ընթերցողներուն որոշ լուսաբանութիւն մը տալ ձեր կատարած այս այցելութեան մասին:

ԱՐԹՈՒՐ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Ազդակ» օրաթերթին, որ կը կատարէ այս հարցազրոյցը:

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեանի հետ բաւական առաջ քննարկեցինք այս հարցը եւ երկուքով որոշեցինք մօտէն ծանօթանալ լիբանանեան պասքեթպոլին: Անշուշտ ուզեցինք նաեւ հայկական ակումբներուն մասին ալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալ:

Բոլորս ալ գիտենք, որ Հայաստան – սփիւռք անքակտելի կապ մը կայ, մանաւանդ լիբանանահայ համայնքը հայութեան մէկ կարեւոր մասնիկն է:

Կրնամ ըսել, որ Լիբանանի մէջ արժանացայ շատ ջերմ ընդունելութեան եւ բախտը ունեցայ նոյնիսկ ներկայ գտնուելու ՀՄԸՄ-ի տղոց կատարած մէկ մրցումին` Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով: Իսկապէս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ մթնոլորտը հիանալի եւ բացառիկ էր:

Լիբանանի մէջ քննարկեցինք հայկական պասքեթպոլի զարգացման վերաբերող շարք մը կարեւոր հարցեր, որոնց մասին կ՛անդրադառնանք յառաջիկային` մանրամասնօրէն:

«Ա.».- Ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, վերջերս Հայաստան կը գտնուէր Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս ուղղութեամբ:

Ա. Ն.- Յակոբ Խաչերեանը կարեւոր անձնաւորութիւն կը նկատուի պասքեթպոլի աշխարհին մէջ, միեւնոյն ժամանակ ալ կրնամ ըսել, որ ան այս մարզին մէջ Հայաստանին օգտակար ըլլալու ուղղութեամբ կ՛աշխատի: ՖԻՊԱ – Ասիային մէջ ան կը տանի բացառիկ աշխատանք:

Թէեւ անոր Հայաստան այցելութիւնը անձնական նպատակով էր եւ ոչ թէ պաշտօնական, սակայն ան ուզեց աւելի մօտէն ծանօթանալ հայկական պասքեթպոլին եւ նոյնիսկ ներկայ ալ եղաւ «Լիկա-Ա.»-ի գծով տեղի ունեցած մրցումի մը:

Ան ո՛չ միայն փափաք յայտնեց, այլ` ուզեց, որ ամէն ճիգ ի գործ դրուի, որպէսզի Հայաստանի մէջ պասքեթպոլը զարգանայ կարելի եղածին չափ արագ:

Պէյրութի մէջ եւս Խաչերեանին հետ քննարկելով հայկական պասքեթպոլին վերաբերող հարցեր, եկանք այն եզրակացութեան, որ ապագային եթէ կ՛ուզենք ունենալ լաւ պասքեթպոլ, Հայաստանի դպրոցներուն մէջ պէտք է զարգացնենք պասքեթպոլը, մեր հոգատարութեան առարկան դարձնենք փոքրերն ու պատանիները, որոնցմէ անկասկած ապագային պիտի ծնին աստղեր, որոնք բարձր պիտի պահեն Հայաստանի անունը:

Յամենայն դէպս, այս ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքը բաւական ծանր է: Բայց կը յուսանք բոլորին հետ գործակցաբար կարելի եղածին չափ առաջ շարժիլ եւ դրական արդիւնքի հասնիլ` ատիկա նկատելով ազգային պարտաւորութիւն եւ քաջ գիտնալով, որ ատիկա կ՛ընենք Հայաստանի սիրոյն:

«Ա.».- Հայաստանի ազգային հաւաքականին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել:

Ա. Ն.- Նախկին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք քանի մը խումբեր ունեցանք դպրոցներու մէջ, որոնք այդքան ալ զօրաւոր չեղան:

2006-ին, երբ Հրաչեայ Ռոստոմեան դարձաւ ֆետերասիոնի նախագահ, աշխատանք տարաւ հաւաքականը զօրացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ միջազգային գետնի վրայ լաւ արդիւնքներու հասնիլ:

Հետզհետէ հաւաքականը օժտուեցաւ արտասահմանէն, ինչպէս` Լոս Անճելըս, Ռուսիա եւ այլն, եկած մարզիկներով` նկատի ունենալով, որ անոնք յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգած էին, քան Հայաստանի մէջ գտնուող մարզիկները:

Հաւաքականը հետզհետէ զօրանալով սկսաւ տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգել եւ 2016-ին տիրացաւ փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին` իրեն մարզիչ ունենալով Տիգրան Կէօքճեանը, որուն հետ դարձեալ գործակցելու ապագայի հեռանկարներ ունինք:

Երբ բարեկամական կամ միջազգային մրցաշարքեր եւ մրցումներ ունենանք կատարելիք, հաւաքական կը հրաւիրենք մարզիկներ` աշխարհի չորս ծագերէն:

Ընդհանրապէս դժուարութիւն չենք ունենար այս գծով, բացի համալսարաններէն` նկատի ունենալով, որ համալսարանականները չեն ենթարկուիր ՖԻՊԱ-ի օրէնքներուն եւ կրնան իրենց մարզիկ-ուսանողները ազատ չարձակել:

Յամենայն դէպս կը կարծենք, որ սկզբնական շրջանին արտերկրի մէջ բնակող մարզիկներուն հետ Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի արձանագրէ իր լաւ արդիւնքները: Սակայն կը վստահեցնեմ, որ քանի մը տարի ետք, երբ Հայաստանի մէջ զարգանայ պասքեթպոլը, մենք անկասկած պիտի ունենանք մեր մարզիկները, այսինքն` անոնք, որոնք կը մասնակցին Հայաստանի ախոյեանութեան եւ ի վիճակի են մաս կազմելու հաւաքականին:

«Ա.».- Ինչ կը վերաբերի հայկական ակումբներուն, արդեօք ի՞նչ ունիք ըսելիք այս գծով:

Ա. Ն.- «Լիկա-Ա.»-ի Հայաստանի տղոց ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 7 խումբեր. 4-ը` Երեւանէն, 3-ը` մարզերէն:

Մեր պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական էջին վրայ, ինչպէս նաեւ դիմատետրի վրայ` «Պասքեթպոլ ֆետերէյշըն օֆ Արմենիա» իւրաքանչիւր փուլի մրցումներէն ետք կը զետեղենք բոլոր արդիւնքներն ու մանրամասնութիւնները:

Խումբի մը տարեկան պիւտճէն կը կազմէ 50-60 հազար ամերիկեան տոլար:

Պահը յարմար նկատելով աւելցնեմ, որ ապրիլին այցելութիւն մը եւս պիտի տամ Լիբանան:

Ծրագիր ունինք Հայաստանի պասքեթպոլի յաջորդ ախոյեանութեան Լիբանանէն հրաւիրելու երկու ակումբ: Անուններ չեմ ուզեր նշել, բայց երբ ժամանակը գայ, այդ ծրագիրը պաշտօնապէս կը յայտարարենք:

Յաւելեալ տեղեկութիւն մը եւս տալով մեր սիրելի ընթերցողներուն, կ՛ուզեմ կարեւորութեամբ նշել այն կէտը, որ ամրան ընթացքին Ռաֆիք Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 2018-ի միջազգային մրցաշարքին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստան:

«Ա.».- Վերջին բաժինով, արդեօք որեւէ աւելցնելիք կէտ ունի՞ք:

Ա. Ն.- Յատուկ շնորհակալութիւն «Ազդակ» օրաթերթին` այս հարցազրոյցին համար: Կը յուսանք, որ հայկական պասքեթպոլը յառաջդիմէ եւ վերելք ունենայ շուտով:

 

 

 

Նախորդը

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

Յաջորդը

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Ուղերձը Մայրենիի Տօնին Առթիւ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.