47 տարեկան Մարթին Շմիթ հեռացաւ գերմանական Վոլֆսպուրկի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ղեկավարութիւնը փորձեց չընդունիլ անոր հրաժարականը, բայց ան մնաց անդրդուելի իր տուած որոշումէն:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 23-րդ հանգրուանէն ետք, Վոլֆսպուրկ 24 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը:
Զուիցերիացի մարզիչը 2017 սեպտեմբերէն խումբին մարզիչն է:



