Նախորդ շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներ տեղի չունեցան` նկատի ունենալով, որ կատարուեցաւ Օլ-Սթարի մրցումը:
Այս տարի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններուն անունով չեղաւ այս ճակատումը, այլ իւրաքանչիւր շրջանէն մէկական մարզիկ (ընտրուած` քուէարկութեամբ) կազմեց իր խումբը:
Լեպրոն Ճէյմսի կազմած խումբը 148-145 արդիւնքով (31-42, 45-36, 33-34 եւ 39-33) յաղթեց Սթեֆըն Քարիի կազմած խումբին:

Լեպրոն Ճէյմս, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 10 ռիպաունտ), իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին («Էմ. Վի. Փի.»):
Իր կարգին, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քարիի խումբէն` Քարլ-Անթոնի Թաունզ (17 կէտ, 10 ռիպաունտ): Քարի բաւականացաւ 11 կէտով:


