Պրազիլական մամուլով հրատարակուած լուրի մը մէջ կը նշուի, որ Պրազիլի Պայա նահանգին մէջ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցում մը մնաց անաւարտ:
Վիքթորիա եւ Պայա խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին, հիւր կազմին նշանակած փենալթիէն ետք սկսաւ զանգուածային բախում, որուն պատճառով իրաւարարը տուաւ 5 կարմիր քարտ (3-ը` հիւր կազմին):
Քանի մը վայրկեան ետք, երկու ֆութպոլիստներ եւս կարմիր քարտ ստացան:
Մրցումին աւարտէն 13 վայրկեան առաջ, Վիքթորիա զրկուեցաւ երկու այլ ֆութպոլիստներէ եւ նկատի ունենալով, որ խումբը մնաց 6 մարզիկով, իրաւարարը ստիպուած եղաւ մրցումը դադրեցնելու:
Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին գծով որոշում պիտի տրուի քանի մը օր ետք:



