Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 23-25 փետրուարին Արզի մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի դահուկարշաւի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները:
Այս ախոյեանութիւնը յետաձգուած էր ձիւնի քիչ քանակին պատճառով` նկատի ունենալով, որ քիչ ձիւնով կարելի չէր ախոյեանութիւն կատարել:
Ֆետերասիոնը աւելցուց, որ բոլոր այն ակումբները, որոնք նախորդ շաբաթ այս ախոյեանութեան մասնակցող մարզիկներուն ցանկը չուղարկեցին ֆետերասիոնին, պարտին անմիջապէս այդ անուանացանկը ներկայացնել անոր:
Կրտսերներու այս ախոյեանութիւնը կը նկատուի կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոր մասնակցողները կէտեր պիտի ապահովեն ըստ իրենց գրաւած դիրքերուն:


