Շաբաթավերջին Սուզումի Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացքներ` «Վանտա» Պանդոկին Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Լեպանոն Ուոթըր Ֆեսթիվըլ» միութեան, այս շաբաթավերջին (23-25 փետրուար) «Վանտա» պանդոկին մէջ (Մաալմըլթէյն) տեղի կ՛ունենան սուզումի մարզիչներու Ա., Բ. եւ Գ. կարգի յատուկ դասընթացքներ` հսկողութեամբ Սուզումի միջազգային ֆետերասիոնին («Սի. Էմ. Էյ. Էս.»): Անոր ներկայ պիտի գտնուի նաեւ վերոնշեալ ֆետերասիոնի ալճերիացի անդամ Ապտել Ազիզ Ռըզք: Այս դասընթացքները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9:00-էն 13:00, ապա, պիտի շարունակուին յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն 17:30: Անոր...



