Մարզական

Նէյմար Ֆութպոլի Դաշտերէն Պիտի Բացակայի Շուրջ 2 Ամիսով

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ Մարսէյի դէմ տեղի ունեցած «Լիկ-1»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ եւ 77-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, պէտք է անպայման վիրաբուժութեան ենթարկուի, յայտնեցին մայրաքաղաքի կազմին պատասխանատուները եւ բժիշկները: Ասիկա կը նշանակէ, որ 26 տարեկան պրազիլցին շուրջ 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց ֆրանսական մամուլը: Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն անոր բացակայութիւնը այդքան ալ մտահոգիչ չի նկատուիր,...

«Փրեմիեր-Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Մանչեսթըր Սիթի

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 1 մարտին, Արսենալ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին: Այս մրցումը կը սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ֆրանսացի մարզիչ Արսէն Վենկերի գլխաւորութեամբ, լոնտոնեան կազմը թեթեւօրէն ձիւնով ծածկուած դաշտին վրայ երէկ կատարեց իր փորձերը` պատրաստուելու այս կարեւոր մրցումին: Փորձերուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:...

Կարապետ Չալեան Պիտի Մասնակցի Ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականին մէջ մրցակցութիւն կ՛ընթանայ 77 քկ դասակարգին պատկանող Կարապետ Չալեանի եւ Արսէն Ջուլֆալակեանի միջեւ: Ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի լրատուականին տեղեկացուցած է, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան պիտի մասնակցի Կարապետ Չալեանը. «Ես հարցադրումը աւելի կանուխ ըրած էի. 77 քկ դասակարգին մէջ ով աւելի լաւ հանդէս կու գայ, ան պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Քիեւի մէջ...

Պասքեթպոլի Հայաստանի Երիտասարդներու Հաւաքականը Պիտի Գլխաւորէ Քրիս Ղուկաս

Պասքեթպոլի Հայաստանի տղոց` մինչեւ 20 տարեկաններու  հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուած է Քրիս Ղուկաս: Հայ մարզիչը աշխատած է յունական շարք մը ակումբներու մէջ, որոնց շարքին «Փանիոնիս», «Քաւալաս», «Իրաքլիս», «ՕՖԻ Քրեթէ» եւ այլն: 2015-2017 թուականներուն Քրիս Ղուկաս գլխաւորած է աւստրիական «Օպերվարթը», իսկ 2017-էն մինչեւ հիմա «ՈւՍՔ Փրակա» ակումբի գլխաւոր մարզիչն է: Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ  Ռոստոմեանի համաձայն, Քրիս Ղուկաս բարձրակարգ մասնագէտ...

«Ռուսիա 99 Առ Հարիւրով Պատրաստ Է 2018-ի Մոնտիալին» Կ՛ըսէ ՖԻՖԱ-ի Նախագահը

Միջազգային մարզական մամուլը վերջերս անդրադարձաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի կատարած յայտարարութեան, որ կը վերաբերի 2018-ի մոնտիալի կազմակերպչական աշխատանքներուն: ՖԻՖԱ-ի նախագահը, ըսաւ. «Ռուսիա 99 առ հարիւրով պատրաստ է հիւրընկալելու 2018-ի մոնտիալը: Կը մնան կարգ մը ոչ այդքան կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնք արդէն իսկ կը թուին աւարտած ըլլալ: Բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին Ռուսիա մեկնելու, անպայման հիանալի եւ յիշատակելի պահեր պիտի անցընեն: Անհրաժեշտ...

Սերճիօ Ռամոս Դեղին Քարտերու Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Սպանական մամուլը, անդրադառնալով վերջերս տեղի ունեցած Լեկանես - Ռէալ Մատրիտ մրցումին, որ աւարտեցաւ վերջինիս յաղթանակով (3-1), նշեց, որ մայրաքաղաքի կազմի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նոր մրցանիշ մը հաստատեց իր ստացած դեղին քարտերով: Լեկանեսի դէմ մրցումին դեղին քարտ մը ստանալով` (163-րդ անգամ ըլլալով), ան, կոտրեց Խիմնասթիքի ֆութպոլիստին` Ալպերթօ Լոփոյի մրցանիշը (162 դեղին քարտ): Ասկէ բացի, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ Ռամոս այլ...

Մաժտալ Այնճարի Քաղաքապետը Տուաւ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Մաժտալ Այնճարի քաղաքապետ Սայիտ Եասին քաղաքապետութեան շէնքին մէջ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով անդրադարձաւ Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Շապապ Մաժտալ Այնճար - Պըրժ մրցումին, որուն ընթացքին շրջանի կազմը զոհ գնաց իրաւարարներուն սխալ որոշումին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այն ինչ որ պատահեցաւ Շապապ Մաժտալ Այնճարի, կը նկատուի անընդունելի, որովհետեւ իրաւարարները իրենց որոշումներուն մէջ եղան բաւական կողմնակալ`...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Զտումի Մրցաշարք. Լիբանան Ծանր Պարտութեան Մատնեց Հնդկաստանը` 90-50 Արդիւնքով

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ Պանկալորի մէջ հիւրը եղաւ Հնդկաստանի (Գ. խմբակ), բաւական մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 40 կէտի տարբերութեամբ` 90-50 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ կազմը: Լիբանան, որ ցարդ կրած է մէկ պարտութիւն միայն, այդ ալ` Յորդանանէն, այսպիսով արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը (երկուքը` Հնդկաստանի, իսկ...

Փիոնկ-Չիանկ-2018.  23-րդ Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերուն Ջահը Մարեցաւ

Փիոնկ-Չիանկ-2018. 23-րդ Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերուն Ջահը Մարեցաւ

9 փետրուարին Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չիանկ քաղաքին մէջ սկսած 2018-ի 23-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը 25 փետրուարին հասան իրենց աւարտին, երբ այդ խաղերուն ջահը մարեցաւ: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ այս խաղերը պաշտօնապէս փակուած յայտարարեց եւ ողիմպիական դրօշը յանձնեց Պէյճինկի քաղաքապետ Չեն Ցզինի: Յաջորդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 4-20 փետրուար 2022-ին` Չինաստանի մայրաքաղաքին մէջ: Ռուս մարզիկները դարձեալ ողիմպիականի...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Լիթուանիա

Երէկ` երկուշաբթի, 26 փետրուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Լիթուանիա մեկնեցաւ լիբանանեան դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքր երկիրներու դահուկարշաւի ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Վիքթոր Ապու Սաատ, պատասխանատուն է Նեժի Խալիլ, իսկ մարզիկներն են` Սամեր Թոք, Շարպել Նաժժար, Լիա Ռահմէ եւ Մարի Քէյրուզ: Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը այս ախոյեանութիւնը կազմակերպած եւ Լիբանանը նկատի առած է,...

Խաւիէ Զանեթթի Հասաւ Լիբանան

Լուսանկարը Տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Իտալական Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթի երէկ յետմիջօրէին հասաւ Լիբանան, ուր Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող Ինթեր ֆութպոլի ակադեմիայի նախագահ Շերիֆ Ուըհպիի եւ այլ անձնաւորութիւններու կողմէ: Զանեթթի եւ Ուըհպի այսօր պիտի տան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, ապա ան պիտի այցելէ Պիր Հասանի մէջ գտնուող Ուահտէ Ռիատիէ դաշտը, իսկ...

Կռփամարտ. Արտեոմ Դալաքեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ուքրանիան ներկայացնող Արտեոմ Դալաքեան տիրացաւ արհեստավարժ կռփամարտի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ Պի. Էյ.»-ի վարկածով թեթեւագոյն քաշային կարգի (մինչեւ 50,8 քկ) թափուր մնացած ախոյեանութեան գօտիին: Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած այս մենամարտին, 30 տարեկան Դալաքեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց 2 քաշային կարգերու մէջ աշխարհի նախկին ամերիկացի ախոյեան Պրայըն Վիլորիային: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք (16-0, 11-ը` նաք-աութով) Դալաքեան յայտարարեց, թէ այժմ պատրաստ է մենամարտելու...

Ժիւտօ. Ողիմպիականի Վարկանշային Մրցաշարք. Ֆերտինանտ Կարապետեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքին, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան: Ան գրաւեց երրորդ դիրքը` 77 քկ դասակարգին մէջ, որուն մէջ հանդէս եկաւ նաեւ Արսէն Ղազարեան: Անիկա կը հանդիսանայ վարկանշային մրցաշարք մը Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն համար, եւ այս մետալը Կարապետեանին կարելիութիւն կու տայ բարելաւելու իր դիրքը` միջազգային վարկանշային դասաւորման մէջ, յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը:

Թենիս. Կարէն Խաչանովի Արհեստավարժ Ասպարէզին Երկրորդ Տիտղոսը

Ռուսիոյ թենիսի ընդհանուր դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքը գրաւող ռուսահայ Կարէն Խաչանով նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով դառնալ տիտղոսակիր, երբ տիրացաւ Մարսէյի մէջ տեղի ունեցած թենիսի «Էյ. Թի. Փի.-250»-ի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին: 21 տարեկան մոսկուահայ Խաչանով աւարտականին 7-5, 3-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց ֆրանսացի Լիւք Փուիի: Ան «Էյ. Թի. Փի.»-ի իր առաջին տիտղոսին տիրացած էր...

Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեան Տիտղոսակիր

Հայաստանի 4 Ըմբիշները` Պրոնզէ Մետալակիր. Կարապետ Չալեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Քիեւի մէջ աւարտած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականը տիրացաւ յաւելեալ չորս պրոնզ մետալի: Անոր մասնակցեցաւ նաեւ ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, որ 97 քկ դասակարգին մէջ 3-0 արդիւնքով յաղթելով ուքրանացի իր մրցակիցին` Տմիթրի Թիմչենքոյի, նուաճեց յաղթողի կոչումը: Անոր հետեւեցաւ Սլաւիկ Գալստեան (63 քկ), որ տիրացաւ պրոնզէ մետալի: Ապա...

Ռուսիա 15 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի Տուգանք Մը Վճարեց Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին

«Ա. էֆ. Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիա Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին 15 միլիոն ամերիկեան տոլարի տուգանք մը վճարեց: Նիւթական այս պատիժը սահմանուեցաւ Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին ժամանակաւոր որակազրկումէն ետք: Այդ տուգանքին վճարումը պարտադիր կը նկատուէր յառաջիկային ժամանակաւոր այդ որակազրկումը դադրեցնելու համար: Այդ որակազրկման դադրեցման հարցը, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ վերջնականապէս պիտի քննարկուի 25 փետրուարին` Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չիանկ քաղաքին մէջ,...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի 5-րդ Անգամ Ըլլալով Լիկայի Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

during the Carabao Cup Final between Arsenal and Manchester City at Wembley Stadium on February 25, 2018 in London, England. Նախորդ շաբաթավերջին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Մանչեսթըր Սիթի, որ աւարտական այս ճակատումին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Արսենալի: Սերճիօ Ակուերօ (18-րդ), Վենսան Քոմփանի (58-րդ) եւ Տաւիտ Սիլվա (65-րդ) նշանակեցին Սիթիի երեք անպատասխան կոլերը: Այսպիսով,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ամալ Մաարաքէ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը` ՀՄԸՄ-ի Հաշուոյն

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումները կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ամալ Մաարաքէն, կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը` նուազագոյն հաշիւով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քոլիփալի` 83-րդ վայրկեանին: Այսպիսով վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ամալ Մաարաքէ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` ՀՄԸՄ-ի հաշուոյն: Օրուան իրաւարարներն էին Ահմետ Տամըժ, Ահմետ Համուտա եւ...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Կազմերուն Կատարած Շաբաթավերջի Մրցումները

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Կազմերուն Կատարած Շաբաթավերջի Մրցումները

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 25 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Նըմուր Քուրայի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղին 3-2 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, սակայն մրցումը աւարտեցաւ 4-4 հաւասարութեամբ: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Տօնապետեան եւ Աւօ Տոնպուրեան (2-ական կոլ): Իր արձանագրած...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Մինի Ֆութպոլի  Եւ Ճատրակի Մրցումներուն Արդիւնքներ

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Եւ Ճատրակի Մրցումներուն Արդիւնքներ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին շաբաթավերջին տեղի ունեցան մինի ֆութպոլի մրցումները ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.- 2004-2005-Ի ԾՆՈՒՆԴ Շամլան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան - Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարան            0-5 2002-2003-Ի ԾՆՈՒՆԴ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան - Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան       4-0 Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան - Ազգային Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական քոլեճ   0-10 Ազգային միացեալ...

Page 866 of 1278 1 … 865 866 867 … 1,278

Արխիւներ