Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները Արձանագրեցին Բաւական Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը շաբաթ օր արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ Ժիպէյլի մէջ 50-39 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պէյրութը (Գ. խմբակ): Այժմ ՀՄԸՄ եւ երկու այլ կազմեր` Հուփս եւ Ֆիտաա Սայտա, վերջին հանգրուանին պիտի մրցին իրարու դէմ: Առաջին դիրքը գրաւողը կը բարձրանայ Բ. դասակարգ, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւողը փլէյ-օֆի մրցում...

Եւրոպայի 2021-Ի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ալպանիոյ Դէմ

Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ Երեւանի նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ մրցեցաւ Ալպանիոյ դէմ, տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց 84-65 արդիւնքով (22-20, 19-10, 24-21 եւ 19-14), Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2021-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Երէկուան մրցումէն Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլըն Հես (21)` դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած հայրենի համակիրներուն ներկայութեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Հայաստան 5 կէտով կը...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտում. Այսօր` Հնդկաստան – Լիբանան

PROFOTO Շաբաթ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Հնդկաստան մեկնեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ այսօր` երկուշաբթի, 26 փետրուարին, Լիբանանի ժամանակացոյցով ժամը 15:30-ին, պիտի մրցի դաշտին տիրոջ` Հնդկաստանի ազգային խումբին դէմ, աշխարհի բաժակի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին` Չինաստանի մէջ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ղազի Պուսթանի, իսկ մարզիկներն են` Ժան Ապտելնուր (խմբապետ), Ալի...

Այսօր Ինթեր Միլանի Փոխնախագահ Զանեթթի Պիտի Այցելէ Լիբանան

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի, վաղը` երեքշաբթի, 27 փետրուարին, «Սամըրլենտ» պանդոկ-համալիրին մէջ (Ժընահ) տեղի կ՛ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Ինթեր ֆութպոլի ակադեմիայի նախագահ Շերիֆ Ուըհպի` ներկայութեամբ Ինթեր Միլանի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթի, պիտի յայտարարէ իտալական կազմին հետ իր գործակցութեան մասին: Զանեթթի Լիբանան պիտի հասնի այսօր` երկուշաբթի, 26 փետրուարի յետմիջօրէին ժամը 16:30-ին եւ պիտի դիմաւորուի Պէյրութի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ

- Այսօր` ՀՄԸՄ - Ամալ Մաարաքէ - Վաղը ՀՄԸՄ - Մապարրա Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 24 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Ամալ Մաարաքէի դէմ: Մրցումը տեղի կ՛ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Իսկ վաղը` կիրակի, 25 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ կրտսերներու ախոյեանութեան գծով (8-րդ հանգրուան)...

Աշխարհի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Մեծ Եւ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը (87-63) Պարտութեան Մատնեց Սուրիան

PROFOTO Երէկ երեկոյեան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Ասիոյ գօտիին մէջ (Գ. խմբակ) 2019-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցեցաւ Սուրիոյ դէմ, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց 24 կէտի տարբերութեամբ` 87-63 արդիւնքով: Այսպիսով, Լիբանան արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, մինչ Սուրիա կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը: Լիբանանի կազմը այսօր կը մեկնի Հնդկաստան, ուր երկուշաբթի, 26 փետրուարին այլ...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Վաղը` Արսենալ – Մանչեսթըր Սիթի Աւարտական Մրցումը

«Ուեմպլի»-ի մարզադաշտը, վաղը` կիրակի, 25 փետրուարին պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Կ՛ակնկալուի, որ մրցումը ըլլայ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ պայքարը պիտի ըլլայ շատ սուր` տիտղոսին տիրանալու համար: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին համար մրցումը պիտի ունենայ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մարսէյ Ճակատումը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մարսէյ Ճակատումը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, հետաքրքրական ճակատում մը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Մարսէյ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 28-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ                                                                                                                                             ԺԱՄ Լայսթըր Սիթի (8) - Սթոք Սիթի (19)                                                14:30 Պուրնըմաութ (10) - Նիւքասըլ (13)                                  17:00 Պրայթըն...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Հայաստան – Ալպանիա

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականը քանի մը բացակայ մարզիկներով վաղը` կիրակի, 25 փետրուարին պիտի մրցի Ալպանիոյ դէմ, Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումին, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արա Պօղոսեան: Վիրաւոր մարզիկներուն կարգին են Անդրանիկ Չրապաշ, Էլըն Հես եւ Նիքիթա Զախարով: Անոնց վրայ եկաւ աւելնալու Ալպերթ Թադէոսեան, որ փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ: Քրիս Եանքու պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան: ՖԻՊԱ-ն արտօնութիւն...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Խումբերուն Շաբաթավերջի Յայտագիրը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 25 փետրուարին, երբ կը մրցի Նըմուր Ալէյի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունեայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Իր արձանագրած վերջին տպաւորիչ ելոյթներէն ետք, ՀՄԸՄ-ի կազմը բարձրացաւ երրորդ դիրք եւ նոյնիսկ յոյս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը` Լիբանանեան Բանակէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանեան բանակը ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ կողովի մը տարբերութեամբ` 63-61 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին, որ ցարդ կը մնար անպարտելի միակ խումբը: Մրցումը ընթացաւ բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին Լիբանանեան բանակը ընդհանրապէս տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանեան բանակը ժամանակաւորապէս գրաւեց երկրորդ դիրքը: Մրցումը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Պէյրութ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին ծիրին մէջ, Գ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ իր մրցումը պիտի կատարէ այսօր` շաբաթ, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, երբ Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ) ճակատի Պէյրութի դէմ: Նոյն դաշտին վրայ եւ միեւնոյն օրը, սակայն երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Անդրանիկ Անթիլիաս պիտ մրցի Սքուատրայի դէմ (Ա. խմբակ): Ֆիտաա Սայտա - Պասաթին (Բ. խմբակ) մրցումը...

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէութեան Ընկերային Յանձնախումբ. Կիրակոս Թնճուկեանի` Յիշատակին Նուիրուած Պլոթի Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Ն. Աղբալեան» կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբին, Կիրակոս Թնճուկեանի յիշատակին նուիրուած 2018-ի  Պլոթի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 19, 20 եւ 22 փետրուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 փետրուարի երեկոյեան, ախոյեան հանդիսացաւ Քրիստ Գազանճեան եւ Շանթ Քէօսէեան զոյգը, իսկ երկրորդ հանդիսացաւ Պօղոս Մալեան եւ Ասպետ Սեփեթճեան զոյգը: Մրցանակաբաշխութենէն առաջ, խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան, որ անդրադարձաւ Կիրակոս Թնճուկեանի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Շաբաթավերջին «Տրիֆթ» Եւ «Սփիտ Թեսթ» Քֆարզեպիանի Մէջ

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 2018 Տարեշրջանը Կը Սկսի Քարթինկի Մրցումով

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ բոլոր տեսակի ինքնաշարժներու մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան իր հովանաւորութեան տակ, 2018 տարեշրջանը կը սկսի այսօր` շաբաթ, 24 փետրուարին, «Ռոթաքս Մաքս» քարթինկի մրցումով, որ պիտի կատարուի «Փիթ-Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ): Նշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանի քարթինկի 2018 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը կ՛ընդգրկէ 8 հանգրուանի մրցումներ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ` 83-61

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 83-61 արդիւնքով (28-13, 23-17, 20-15 եւ 12-16): ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էյփրըլ Սայքս (23), ապա յաջորդաբար` Նաթալի Սվաճեան, Վիքի Մաքենթայր (14-ական), Ռեպեքա Աքըլ, Լէյլա Ֆարես (10-ական), Ֆարահ Հարաքէ (6) Մեղրի Թորոսեան (4) եւ Մակի Զաքարեան:

Levam New Logo

«ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ». Մինի Ֆութպոլի Եւ Ճատրակի Մրցաշարքերուն Յայտագիրը

Օդերեւութական աննպաստ պայմաններուն պատճառով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպուած մինի ֆութպոլի յետաձգուած մրցումները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 24 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից: Իսկ ճատրակի մրցումները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 28 փետրուարին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 13:00-էն սկսեալ: Մասնակցող բոլոր աշակերտները պարտին սրահ գտնուիլ կէսօրուան...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Զտումի Մրցաշարք. Այսօր Լիբանան – Սուրիա Մրցումը` Ժամը 17:00-ին

«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), այսօր` ուրբաթ, 23 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանան - Սուրիա տղոց պասքեթպոլի մրցումը, որ կ՛իյնայ աշխարհի բաժակի զտումի մրցաշարքին Ասիոյ ցամաքամասին Գ. խմբակին ծիրին մէջ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Երկու կազմերն ալ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն արձանագրելու իրենց երկրորդ յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ, թէեւ յաջողած են յաղթել...

2018-ի Ողիմպիական. Պատմական Օր Մը` Հունգարիոյ Համար

Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չիանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող եւ իր աւարտին մօտեցող 23-րդ ձմեռնային ողիմպիականի խաղերուն 13-րդ օրը` երէկ, Միացեալ Նահանգներու խումբը տափօղակով հաքիի աղջկանց մրցաշարքին աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Քանատայի: Երէկ` հինգշաբթի, 22 փետրուար 2018-ը պատմական օր մը եղաւ Հունգարիոյ համար, որ տիրացաւ իր առաջին ձմեռնային ողիմպիական ոսկի մետալին, երբ անոր տղոց խումբը (4 մարզիկ) տիրացաւ շորթ-թրեքի 5000 մեթր...

Թեքուանտօ. Երեք Երկրորդութիւն Եւ Երկու Երրորդութիւն Մասնակցող Հայ Մարզիկներուն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու երրորդ, ինչպէս նաեւ փոքրերու երկրորդ հանգրուանի ախոյեանութեան մրցումները: Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ, կրանտմասթըրներ, ինչպէս նաեւ մասնակցող մարզիկներուն ծնողներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները: Մրցումները ընթացան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, ուր ներկայ էր մարզական...

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեան Մասնակցեցաւ Արսենալի Կատարած Ամբողջ Մրցումին

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Արսենալ թէեւ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օյեսթերսունտսէն, բայց ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտէն դուրս 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին իր կազմին` Արսենալի հետ դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան:

Page 867 of 1278 1 … 866 867 868 … 1,278

Արխիւներ