«Ա. էֆ. Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիա Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին 15 միլիոն ամերիկեան տոլարի տուգանք մը վճարեց:
Նիւթական այս պատիժը սահմանուեցաւ Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին ժամանակաւոր որակազրկումէն ետք:
Այդ տուգանքին վճարումը պարտադիր կը նկատուէր յառաջիկային ժամանակաւոր այդ որակազրկումը դադրեցնելու համար: Այդ որակազրկման դադրեցման հարցը, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ վերջնականապէս պիտի քննարկուի 25 փետրուարին` Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չիանկ քաղաքին մէջ, ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն փակման հանդիսութենէն առաջ:
Ռուս մարզիկները, որոնք այս ողիմպիականին ելոյթ կ՛ունենան «ողիմպիական խաղերու ռուս մարզիկներ» անունին տակ, ցարդ ոսկի մետալի չեն կրցած տիրանալ:
Ինչպէս ծանօթ է, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Ռուսիան որակազրկեց 2018-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ` խթանիչ դեղերու գործածութեան բազմաթիւ պարագաներ բացայայտելէ ետք անոր մարզիկներուն մօտ: