Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 1 մարտին, Արսենալ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին:
Այս մրցումը կը սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ֆրանսացի մարզիչ Արսէն Վենկերի գլխաւորութեամբ, լոնտոնեան կազմը թեթեւօրէն ձիւնով ծածկուած դաշտին վրայ երէկ կատարեց իր փորձերը` պատրաստուելու այս կարեւոր մրցումին:
Փորձերուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Իր տրամադրութեան տակ ունենալով 72 կէտ` Մանչեսթըր Սիթի այժմ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ Արսենալ 45 կէտով կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ:



