Հայաստանի 4 Ըմբիշները` Պրոնզէ Մետալակիր. Կարապետ Չալեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին
Քիեւի մէջ աւարտած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականը տիրացաւ յաւելեալ չորս պրոնզ մետալի:
Անոր մասնակցեցաւ նաեւ ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, որ 97 քկ դասակարգին մէջ 3-0 արդիւնքով յաղթելով ուքրանացի իր մրցակիցին` Տմիթրի Թիմչենքոյի, նուաճեց յաղթողի կոչումը:
Անոր հետեւեցաւ Սլաւիկ Գալստեան (63 քկ), որ տիրացաւ պրոնզէ մետալի:
Ապա յաջորդաբար պրոնզէ մետալակիր դարձան Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Կարապետ Չալեան (77 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան եւ Սարգիս Շահինեան (87 քկ):
Նախքան իր պրոնզէ մետալին տիրանալը, Չալեան յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Հասան Ալիեւին, 8-4 արդիւնքով:
Սակայն Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը որեւէ մետալի չկրցաւ տիրանալ:



