
Իտալական Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթի երէկ յետմիջօրէին հասաւ Լիբանան, ուր Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող Ինթեր ֆութպոլի ակադեմիայի նախագահ Շերիֆ Ուըհպիի եւ այլ անձնաւորութիւններու կողմէ:
Զանեթթի եւ Ուըհպի այսօր պիտի տան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, ապա ան պիտի այցելէ Պիր Հասանի մէջ գտնուող Ուահտէ Ռիատիէ դաշտը, իսկ երեկոյեան, նախքան Լիբանանէն իր մեկնումը, յատուկ հանդիպում մը պիտի ունենայ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:


