Մարզական

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Կը Մասնակցի Տուպայի Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 20-28 մարտին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք Տուպայի ֆութպոլի բաժակ-2018-ի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը: Հայրենի կազմին մրցակիցները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիոյ, Տաճիկիստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերը:

Վան Փերսի Նշանակեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին 300-րդ Կոլը

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի իր կազմին` Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամի (Հոլանտա) հետ իր կատարած վերջին մրցումին կոլ մը նշանակելով յաջողեցաւ 300-ի հասցնել իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր գումարը: 34 տարեկան Վան Փերսի իր այդ կոլը նշանակեց Ուիլեմ-Բ.-ի դէմ տեղի ունեցած Հոլանտայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ճակատումին ընթացքին: Ան 24 կոլ նշանակած է Ֆէյէնուրտի հետ, 132 կոլ`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – Լուէյզի Եւ Անթունիէ – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները կը վերսկսին այսօր, երբ Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Ախոյեանութիւնը դադարի մէջ էր` նկատի ունենալով, որ ազգային խումբը մրցումներ ունէր կատարելիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքի զտումի ծիրին մէջ: Թատամոն իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լուէյզին, մինչ Անթունիէ` Մութթահետը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Դասաւորման պատկերը այժմ հետեւեալն է....

Խաւիէ Զանեթթի Մասնակցեցաւ Փորձերուն. Ինթեր Միլանի Լիբանանի Ակադեմիային Պաշտօնական Բացումը

Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան պատկանող Ուահտէ Ռիատիէի (Պիր Հասանի շրջան) դաշտին վրայ, հարիւրաւոր փոքրերու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Ինթեր Միլանի Լիբանանի ակադեմիային պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը: Փորձերուն մասնակցեցաւ նաեւ Ինթեր Միլան ակումբի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթի, որ այս անգամ մարզական տարազ հագած կարեւոր ցուցմունքներ տուաւ ֆութպոլասէր մանուկներուն: Փորձերուն մասնակցեցան նաեւ իտալացի եւ լիբանանցի փորձառու մարզիչներ: Այս ակադեմիայի բացման աշխատանքին մէջ իր մեծ եւ կարեւոր...

Սերժ Սարգսեան Մրցանակ Յանձնեց Մաքսիմ Մանուկեանին

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի գործող ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան յատուկ մրցանակ մը ստացաւ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած «Հայկեան-2017» մրցանակաբաշխութեան: Մանուկեան մրցանակի արժանացաւ, մարզաշխարհի զարգացման գործին մէջ իր ունեցած նշանակալի ներդրումին եւ նուիրումին համար: Մրցանակը ըմբիշին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Յայտնենք, որ օգոստոս 2017-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան, Մաքսիմ Մանուկեան...

Երեքշաբթի, 6 Մարտին Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Կը Սկսին Տարբեր Տեսակի Մարզախաղեր

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան համալսարանին, երեքշաբթի, 6 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 14:30-էն սկսեալ, կը սկսին տարբեր տեսակի մարզախաղեր. որոնց կարգին` փինկ փոնկ եւ ճատրակ. համալսարանի Ռումիէի մասնաճիւղին մէջ: Իսկ չորեքշաբթի, 7 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-էն սկսեալ, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի կ՛ունենայ պետմինթոնի ախոյեանութիւնը: 21 մարտէն 10 մայիս տեղի կ՛ունենան պասքեթպոլի մրցումները: Կազմուած յանձնախումբին մէջ են` Կարօ Տոներեան, Շետի Պու...

Սուզում. 12 Անձեր Մարզիչի Տարբեր Տեսակի Վկայագիրներ Ստացան

Կազմակերպութեամբ «Լեպանոն ուոթըր-ֆեսթիվալ» միութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Վանտա» պանդոկին մէջ (Մաալմըլթէյն) տեղի ունեցան սուզումի Ա., Բ. եւ Գ. կարգի դասընթացքներ` հսկողութեամբ սուզումի միջազգային ֆետերասիոնին: 12 անձեր մարզիչի տարբեր տեսակի վկայագիրներ ստացան, ստորագրուած` Սուզումի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Աննա Ազանովայի կողմէ: Անոնք յառաջիկային կրնան տեղական թէ միջազգային մրցումներու ընթացքին իրենց խումբերը կազմելով մասնակցիլ անոնց: «Լեպանոն-ուոթըր-ֆեսթիվալ» միութիւնը հիմնուած է 22 օգոստոս 2013-ին` նախագահութեամբ Սիմոն...

«Ֆիտէ». Լեւոն Արոնեանի Դիրքը Մնաց Անփոփոխ

Երէկ` հինգշաբթի, 1 մարտին, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց ճատրակի աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորումը, որուն մէջ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց 5-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2794 կէտ: Պարագլուխի դիրքին վրայ է աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, որուն վարկանիշը 2843 է: Լաւագոյն հարիւրին մէջ են Հայաստանի 3 այլ ներկայացուցիչներ` հետեւեալ ձեւով. Գաբրիէլ Սարգսեան` 66-րդ, Վլատիմիր Յակոբեան` 77-րդ եւ Հրանդ Մելքումեան`...

Ըմբշամարտ. Կարապետ Չալեան Պիտի Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ողիմպիական նախկին ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան 77 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Կարապետ Չալեանը: «Այս դասակարգին մէջ ով որ աւելի լաւ հանդէս կու գայ, ան կը մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Քիեւի մէջ յաղթանակը շնորհուեցաւ Չալեանին, հետեւաբար ան պիտի նախապատրաստուի Եւրոպայի ախոյեանութեան», ըսաւ գլխաւոր մարզիչը: Քիեւի...

Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Կասեցուց Ռուսիոյ Ողիմպիական Կոմիտէին Որակազրկումը

Ռուսական մամուլը հաղորդեց, որ միջազգային ողիմպիական կոմիտէն դադրեցուց Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին ժամանակաւոր որակազրկումը, որ ուժի մէջ մտած էր 5 դեկտեմբեր 2017-էն սկսեալ: «Յատուկ նամակ մը ստացանք Միջազգային ողիմպիական կոմիտէէն, որ կը վերաբերի Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէի կարգավիճակի վերականգնման: Անոր մէջ գրուած է, որ մեր բոլոր մարզիկներուն վերաբերեալ խթանիչ բոլոր դեղերու գործածութեան քննութիւններուն արդիւնքները բացասական են: Ասիկա կը նշանակէ, որ մեր իրաւունքները...

3 Թեկնածու` Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Պաշտօնին Համար

«Ֆութպոլ-Իթալիա.նեթ» յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կը նշուին 3 թեկնածուներու անուններ, որոնցմէ մէկը պիտի նշանակուի Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: Այդ 3 թեկնածուներն են` Անթոնիօ Քոնթէ, Ռոպերթօ Մանչինի եւ Լուիճի Տի Պիաճիօ: Նոյեմբեր 2017-ին Ճիամփիեռօ Վենթուրայի հեռացումէն ետք, ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ Իտալիոյ երիտասարդական ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուիճի Տի Պիաճիոյի: 2017-ը բաւական տխուր տարի մը եղաւ Իտալիոյ համար,...

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Սիթի Յաղթական` Կէտի Մը Տարբերութեամբ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Օքլահոմա Սիթի կէտի մը տարբերութեամբ միայն յաղթական դուրս եկաւ, երբ երկարաձգումէն ետք 111-110 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տալաս Մավըրիքսի դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 30 կէտ: Ռասըլ Ուեսթպրուք Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին (34-ական) Տեւին Պուքըր (Ֆէոնիքս Սանզ) եւ Քիրի Ըրվինկ (Պոսթըն Սելթիքս): Վերջինիս կազմը...

Ա. Սէ. Միլանի Տնտեսական Վնասները Նուազեցան 56 Առ Հարիւրով

Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը ներկայացուց այս տարեշրջանի առաջին բաժինին իր տնտեսական հաշուետուութիւնը: Խումբին կորուստները նուազած են 56 առ հարիւրով եւ այժմ կը կազմեն 22,3 միլիոն եւրօ: 4,6 առ հարիւրով աւելցած է անոր ընդհանուր եկամուտը, որ կը կազմէ 106,5 միլիոն եւրօ: Նուազեցաւ նաեւ ակումբին ընդհանուր պարտքը, որ կը կազմէ 165,3 միլիոն եւրօ:

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս Ֆայնըլ-Ֆորի Առաջին Մրցումը` Հինգշաբթի, 8 Մարտին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն յայտագիրը: Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հուփս, մինչ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ: Առաջին մրցումին` հինգշաբթի, 8 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ...

Ինթեր Աքատեմիա Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը.  Զանեթթի Եւ Ուըհպի Այցելեցին Վարչապետ Հարիրիի Եւ Խորհրդարանի Նախագահ Պըրրիի

Ինթեր Աքատեմիա Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը. Զանեթթի Եւ Ուըհպի Այցելեցին Վարչապետ Հարիրիի Եւ Խորհրդարանի Նախագահ Պըրրիի

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Լիբանանի մէջ Ինթեր Աքատեմիայի ծրագիրին մեկնարկը, զոր կատարեց ծրագիրը իրականացնող Շերիֆ Ուըհպի` գործակցութեամբ Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթիի: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ղազի Զաայթեր, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Զէյտ Խիամի (նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն) նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ...

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն.  Կիրակի, 22 Ապրիլին` «Սարատար» Դրամատան Աղջկանց Վազքի Մրցումը

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն. Կիրակի, 22 Ապրիլին` «Սարատար» Դրամատան Աղջկանց Վազքի Մրցումը

Էշրեֆիէի «Սըրսոք» թանգարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին, Պէյրութի Պիել շրջանին մօտ տեղի պիտի ունենայ «Սարատար» դրամատան հովանաւորութիւնը վայելող 2018-ի աղջկանց 10 քմ վազքի մրցումը: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան քաղաքական անձնաւորութիւններ, դեսպաններ, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շըպիպ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, բարձրաստիճան զինուորականներու ներկայացուցիչներ, այլ անձեր...

Սաժես Խստիւ Քննադատեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Եւ Պահանջեց Անոր Հրաժարականը

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Սաժես Պէյրութ ակումբը խստիւ քննադատեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը եւ իրեն դէմ անոր տուած որոշումները նկատեց անարդար ու պահանջեց ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի եւ մնացեալ բոլոր անդամներուն հրաժարականը: Իր տուած մէկ որոշումին ընթացքին ֆետերասիոնը կախակայած էր Տուայն Ճեքսընը եւ անոր դէմ տուգանք սահմանած: Տուգանքի ենթարկուած էին նաեւ մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրա եւ պատասխանատու Տենի Շըքէյր: Բողոքելով ֆետերասիոնին...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Իրաւարարի Կախակայում Եւ Տուգանքներու Սահմանում

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Մարուն Խուրին նշանակեց Լիբանանի աղջկանց ֆութսալի ազգային խումբի մարզիչ: Անոր հետ խումբը պիտի պատրաստուի Թայլանտի մէջ տեղի ունենալիք Ասիա-2018-ի ֆութսալի ախոյեանութեան: Համաձայնութիւն մը գոյացաւ ֆետերասիոնին եւ «Արապիքա Սփոր» ընկերութեան միջեւ` կատարելու մոնտիալի բարեկամական ախոյեանութիւն մը, մասնակցութեամբ 6 խումբերու, որոնց կազմին մէջ պիտի ըլլան միջազգային եւ լիբանանցի ֆութպոլի աստղեր: Այս մրցումը տեղի պիտի...

Ձմեռնային Արձակուրդէն Ետք. Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Վերսկսաւ

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 փետրուարին վերսկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` ձմեռնային իր արձակուրդը աւարտելէ ետք: Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուեցան 2 մրցումներ: Այժմու յառաջատար Ալաշկերտ իր դաշտին վրայ նուազագոյն արդիւնքով պարտուեցաւ Շիրակ Գիւմրիէն, մինչ երկրորդ մրցումին, Փիւնիկ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին Բանանցին: Սերպ միջնապահ Իկոր Սթանոյեւիչ նշանակեց Շիրակի կոլը (14-րդ), մինչ Փիւնիկէն տուպլէ մը իրագործեց Պետրոս Աւետիսեան (28-րդ...

Հայաստանի Մէջ Գտնուող Չեխիոյ Դեսպանատունը Մուտքի Արտօնագիր Չտուաւ Հաշմանդամ Մարզիկին

9-18 մարտին Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չիանկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան ձմեռնային 12-րդ փարալիմփիք խաղերը: Հայաստանի ազգային փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներուն ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպանատունը մուտքի արտօնագիր չէ տուած Սասուն Յակոբեանին: Ան ըսաւ, թէ ներկայ դրութեամբ Հայաստան այդ խաղերուն պիտի մասնակցի միայն մէկ մարզիկով` Սթասիկ Նազարեան, որ հանդէս պիտի գայ...

Page 865 of 1278 1 … 864 865 866 … 1,278

Արխիւներ